2017-09-25 12:50:00

Անձինք նուիրեալներու ժողովի հաղորդագրութիւնը՝ նոր փաստաթուղթի մը մասին


(Ռատիօ Վատիկան) Նուիրեալ կեանքի կրօնաւորական եւ աշխարհական  հաստատութիւններու եւ առաքելական կեանքի Ժողովը, երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ «Provida Mater Ecclesia» առաքելական սահմանադրութեան  եւ քահանայապետական «Feliciter» Քահանայապետական ինքնաբուխ գիրին 70 ամեակի առիթով , հրապարակած  է «կրօնաւորականութիւն եւ  աշխարհականութիւն. Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն  ուղղուած նամակ, 

աշխարհական  անձինք նուիրեալներուն հաստատութիւններու մասին» տիտղոսով  փաստաթուղթ մը ,

որ հիմնուելով   1983-ին լոյս տեսած աշխարհական անձինք նուիրեալներու ինքնութեան եւ առաքելութեան մասին  փաստաթուղթի մը վրայ կը ներկայացնէ հիմնական տարրեր, որոնք  աւելիով կը բնորոշեն  աշխարհական անձինք նուիրեալներու  կոչումը, ու կը յատկանշեն անոնց դիմաց կայացած մարտահրաւէրները։

«Այդ կոչումը իր հիմքը կը գտնէ մարդեղութեան խորհուրդին մէջ , որ  կոչ է  մնալու այն  ընկերային , եկեղեցական, ու արհեսավարժական կեանքին մէջ,  որուն մէջ անձինք նուիրեալները կը գտնուին ու կ՝ապրին» նշուած է վերոնշեալ փաստաթուղթին մէջ որ հրապարակուած է նաեւ ի տես   աշխարհական հաստատութիւններու մասին , իտալական եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ  հռոմի մէջ 28-էն 29 հոկտեմբերին կազմակերպուած  ժողովին , որուն բնաբանն է «Աշխարհական հաստատութիւններ,  ի լրումն եւ ի միջեւ , սիրոյ պատմութիւններ ՝Աստուծոյ  եւ աշխարհին համար» ։








All the contents on this site are copyrighted ©.