2017-09-25 09:30:00

Այսօր տեղի կ՛ունենայ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն


Մինչ արտասահմանի մէջ իրաքցի քիւրտերը երէկ սկսան Քրտական ինքնավար մարզի Իրաքէն անկախութեան շուրջ հանրաքուէին քուէարկութեան, այսօր հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի մէջ տեղի պիտի ունենայ անկախութեան հանրաքուէն:

Հանրաքուէի բարձրագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ իր ճշդուած ժամանակին: Խորհուրդը Պաղտատի մէջ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանրաքուէի աւարտէն ետք Պաղտատի հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ շաբաթ օր Նիւ Եորքի մէջ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիան կը մերժէ Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնեց, որ հանրաքուէին դէմ Թուրքիոյ որդեգրելիք միջոցառումները դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական բնոյթի են:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը շաբաթ օր մէկ տարիով երկարաձգեց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերու տեղակայման լիազօրութիւնը:

Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու եւ Ժողովրդային զօրախումբի մարմինի նախագահ Ֆալեհ Ֆայատ երէկ յայտնեց, որ եթէ հանրաքուէն տեղի ունենայ, Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը իրաքեան հողերու միասնականութիւնը պահպանելու իր պարտաւորութիւնները պիտի կատարէ: «Հանրաքուէն սադրիչ արարք, արաբներուն ու քիւրտերուն միջեւ պատմական շրջագիծի քանդում է եւ զայն հովանաւորողներուն սուղ պիտի արժէ», նշեց Ֆայատ:

Ան շեշտեց հանրաքուէէն առաջ եւ ոչ թէ զայն գործադրելէ ետք երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով. «Երբ հանրաքուէն տեղի ունենայ, անոր պիտի հակադարձուի սահմանադրական եւ օրինական ոճով»:

Մինչ այդ, Իրան շարունակեց քրտական մարզի սահմանին մօտ իր ռազմափորձը: Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր Քիուան Խասրոյի յայտնեց, որ իրաքեան կառավարութեան խնդրանքով դադրեցուած են Իրանի եւ քրտական մարզին միջեւ բոլոր թռիչքները:

Քրտական մարզի իշխանութիւնները իրենց կարգին յայտարարեցին հանրաքուէի ծիրին մէջ որդեգրուած միջոցառումներու շարքին Մուսուլը Էրպիլի կապող ճամբուն փակումը:

Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Շախուան Ապտալլա յայտնեց, որ քրտական մարզը պիտի հակադարձէ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումէն ետք իր քաղաքները թիրախ դարձնող որեւէ ռմբակոծումի:

Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի, անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ հնչող սպառնալիքներուն, յայտարարեց, որ իրենք կը մերժեն սպառնալիքները, եւ խօսքը թուրքերուն ուղղելով ըսաւ. «Եկէ՛ք եւ մեզ բնաջնջեցէ՛ք»








All the contents on this site are copyrighted ©.