2017-09-25 11:46:00

«Սփոփանքի վերջին հանգրուանը խաղաղութիւնն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 25 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսոկս Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը, մեկնաբանելով սուրբ գրային ընթերցուածները։

Ան նախ անդրադարձաւ Եզրի Բ. գրքի ընթերցուածին, ուր կը պատմուի իսրայէլի ժողովուրդի աքսորէն ազատագրումի մասին (Բ. Եզր Ա. 1-6)։ Կիւրոս արքան հրահանգ կը հանէ, որ հրեաները վերադառնան իրենց երկիրը։

Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ Աստուած կʼայցելէ իր ժողովուրդը եւ կը վերադարձնէ զանոնք Երուսաղէմ։ Իւրաքանչիւր ազատագրում՝ կատարուած Աստուծոյ կողմէ եւ իւրաքանչիւր փրկագործութիւն՝ Աստուծոյ կատարած այցելութիւնն է։

Երբ Աստուած կʼայցելէ մեզ, մեզի ուրախութիւն կու տայ, մեզ կը մխիթարէ։ Հետեւաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է սպասէ Աստուծոյ այցելութեան։

Մարդ կեանքին մէջ ունի տկար եւ զօրաւոր պահեր, սակայն Տէրը մեզի միշտ զգալ կու տայ Իր ներկայութիւնը։ Պէտք է միշտ սպասել Տիրոջ այցելութեան յուսալիր կերպով։

Սրբազան Հայրը զգուշացուց հաւատացեալները «սուտ մարգարէներէն», որոնք մխիթարանք կը խոստանան, սակայն մեզ կը խաբեն։ Մինչ Տիրոջ մխիթարութիւնը մեզ կը յուզէ ներքնապէս եւ կʼաւելցնէ սէրը, հաւատքը եւ յոյսը, եւ մեզ արտասուել կու տայ մեր մեղքերուն վրայ։

Եթէ մխիթարութիւնը նոյնիսկ կարճ տեւէ, սակայն այն կը թողու հետքեր մեր մէջ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ինչպէս Իսրայէլի ժողովուրդը իր յիշողութեան մէջ պահեց այդ հետքերը։ Արդ, հարկաւոր է սպասել Աստուծոյ պարգեւած մխիթարութեան, ճանչնալ եւ պահպանել զայն։ Իսկ սփոփանքի վերջին աստիճանը խաղաղութիւնն է հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.