2017-09-23 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն կատարեց «Սրբուհի Լուչիա» հաստատութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017ին,  Ողորմութեան ուրբաթներ ծրագրի շրջագիծէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ  անակնկալ այցելութիւն կատարեց  Հռոմի մէջ գտնուող Սրբուհի Լուչիա անուան հիմնարկի հաստատութեան, որ Ւտալիոյ մէջ նկատուած է լեարդային ախտաբանութեան  լաւագոյն բուժարանը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեալ բուժարանի այցելութեամբ կը շարունակէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուն ծիրէն ներս , «Ողորմութեան Ուրբաթ» ձեռնակները՝, մօտիկութեան եւ զօրակցութեան ժեսթեր նուիրուելով կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն։

Վերոյիշեալ բուժարան ժամանումին, Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ բուժարանի նախագահ՝ Մարիա Ատիրայի եւ  բուժարանի  ընդհանուր տնօրէն՝ տոքթ Էտուարօ Ալեսսայէ կողմէ եւ անոնց դարմանատան պաշտօնեաներուն։

Սրբազան Հայրը այցելեց հոն գտնուող լեարդային հիւանդութենէ տառապող մանուկները, անոնց հետ կատակեց, զրուցեց, ապա մխիթարանքի խօսքեր ուղղեց  մանուկներուն հարազատներուն։  

Սրբազան Հայր ապա այցելեց հիւանդանոցի անկարներուն բաժանմունքին մէջ խնամուող  15-էն 25 տարիք ունեցող երիտասարդները, որոնցմէ մի քանիները անշարժութեան մատնուած են ինքնաշարժի արկածներու պատճառաւ ինչպէս նաեւ այցելեց մարզարանը ուր տարեցներ կը խնամուին։

Նորին Սրբութիւնը իր այցելութիւնը եզրափակեց բուժարանի Մատրան մէջ՝ պահ մը ամփոփուելով , հուսկ վերադարձ կատարեց Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.