2017-09-23 09:49:00

Եւրոպական միութիւնը կոչ ուղղած է ջնջելու Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն։


Եւրոպական Միութիւնը Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` չկատարելու շրջանի անկախութեան հանրաքուէն եւ զայն կը նկատէ ոչ արդիւնաւէտ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի յայտարարութեան մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը կը յիշեցնէ Իրաքի միասնութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան իր մնայուն աջակցութեան մասին: Միակողմանի այնպիսի գործողութիւններ, ինչպիսին է առաջարկուած հանրաքուէն, հակաարդիւնաւէտ են, անոնցմէ պէտք է խուսափիլ», յայտարարած է Մոկերինի:

Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կ՛ընդունի Էրպիլի եւ Պաղտատի իշխանութիւններուն միջեւ չլուծուած հարցերու գոյութիւնը եւ այն կարծիքին է, որ անոնք պէտք է լուծուին «խաղաղ ու կառուցողական երկխօսութեան ճամբով, ինչ որ պիտի տանէր փոխադարձ համաձայնեցուած լուծման` հիմնուած Իրաքի սահմանադրութեան կէտերուն կատարման վրայ»:

«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ երկխօսութեան աջակցելու ՄԱԿ-ի նախաձեռնութիւնը եւ այդ հոլովոյթին մէջ իր աջակցութիւնը կ՛առաջարկէ, եթէ ատիկա պահանջուի», ըսուած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավարի յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.