2017-09-23 12:38:00

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի ելոյթը՝ Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 22 սեպտեմբերն,  Նիւ Եորքի մէջ  կայացաւ  բարձրաստիճան մակարդակի վրայ Եւրոպական  Միութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպում մը նուիրուած Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման միաձեւ ուղեգիծ որդեգրելու։

Նշեալ հանդիպումին  մասնակցեցաւ Վատիկանի  Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղարը՝ Արքեպիսկոպոս Փոլ Կալլակերը։  Ան իր ունեցած ելոյթին  մէջ նախ  շեշտեց համայն  Սուրիացի քաղաքացիներու  իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը   ապա խօսքը կեդրոնացուց օրէնքին դերակատարութեան վրայ։

Վատիկանի դիւանագէտը Սուրիոյ մէջ եւ այլուր՝ խաղաղ եւ արդիւնաբեր համակեցութեան համար հիմնական նկատեց կրօնային ազատութեան ու յարգանքի օրէնքի պահպանումը ինչպէս նաեւ քաղաքացիութեան օրէնքի վրայ հիմնուած քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւնը՝ անկախ ցեղային, քաղաքացիական կամ կրօնական պատկանելիութենէն։

Գերապայծառ Կալլակեր  ժողովականներու ուշադրութեան հրաւիրեց Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան պատճառաւ յառաջացած  մարդկային տագնապի շտապ Սուրբ Աթոռի յանձնառումը, դիտել տալով, որ   Սուրիոյ տագնապի առաջին օրերէն իսկ՝ Սուրբ Աթոռը խորապէս մտահոգուած էր միլիոնաւոր մարդոց եւ անմեղ մանուկներու  կրած  սարսափելի տանջանքներուն համար  եւ կոչ ըրած էր  մարդասիրական գործիչներուն անմիջական մուտքի արտօնութիւն տալ՝ հակամարտութեան մէջ գտնուող վայրերէն  ներս։ 

Գերապայծառ  Կալլակեր ապա շեշտեց  թէ Սուրիոյ տագնապի հարցի լուծման համար հարկաւոր է  «միջ –սուրիական հաւատալի քաղաքական լուծում, փոխադարձ կերպով համաձայնուած, միջազգային հասարակութեան կառուցողական սատարով» որպէսզի Սուրիոյ մէջ իրագործուի կայուն խաղաղութիւն ու ներդաշնակ համակեցութիւն ցեղային ու կրօնական հասարակութիւններու միջեւ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.