2017-09-20 13:11:00

Հ. Յակոբեան Հայաստանի եւ սփիւռքի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը կը համարէ հայապահպանութիւնը


Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի համար կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը կը շարունակէ մնալ հայապահպանութիւնը: «Հայաստան-սփիւռք» 6-րդ համաժողովի փակման լիագումար նիստի ընթացքին յայտնած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 «Մեր հիմնական խնդիրներէն մէկը կը շարունակէ մնալ հայապահպանութեան հիմնահարցը, քանի որ բոլորս ալ կը հասկնանք, որ փոխուող աշխարհի մէջ կը  փոքրանան, կ՛ուծացուին հայկական համայնքները: Բայց ես համոզուած եմ, որ եթէ մենք պատասխանատու ձեւով, համատեղ շարունակենք մեր աշխատանքը, կարնանք մեր տիրոյթ բերել շատ հայեր: Մենք ինքնակազմակերպման խնդիր ունինք որոշ համայնքներու պարագային: Խառն ամուսնութիւններուն թիւը կ՛աւելնայ, մայրենի լեզուն կրողներուն թիւը կը նուազի, հայկական դպրոցները եւ մշակութային կեդրոնները կը փակուին, կան երկիրներ, ուր խնդիրներ կան հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` նշած է նախարարը:

Ան ըսած է, որ աշխարհի 118 երկիրներու մէջ հայկական համայնքներ կան, իսկ ատոնք ունին տարբեր կառուցուածք եւ տարբեր իրաւական կարգավիճակ: «Մենք ունինք քաղաքներ, գիւղեր, որոնք ամբողջապէս հայաբնակ են: Հայերուն բնորոշ է օտար միջավայրին արագ ընդելուզուիլը եւ ազգային դիմագիծերը պահելը: Հայերը կրնան շատ արագ համարկուիլ այլ երկիրներու հասարակական եւ տնտեսական կեանքին` պատիւ ստեղծելով հայ ազգին, Հայաստանի համար»,- ըսած է Յակոբեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ հայկական սփիւռքի մէջ ունինք 829 համայնք, 30 հազար հայկական կազմակերպութիւն, 38 համահայկական կազմակերպութիւն, 724 գործող եկեղեցիներ եւ վանքեր, հազարէ աւելի դպրոցներ, 637 մշակութային կեդրոններ: «Մենք ունինք հզօր կառուցուածքային միաւորներ, որոնք ստեղծուած են եւ կը գործեն հայապահպանութեան համար, իսկ հայապահպանութեան գլխաւոր զէնքը մեր երիտասարդութիւնն է»,- ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.