2017-09-19 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաբուխ գիրով կը վերակազմէ «Յովհաննէս Պօղոս Բ» անուան հիմնարկը


«Ռատիօ Վատիկան» Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 19ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց «Ընտանիքի հանդէպ մեծ հոգատարութենէ ոգեւորուած» Ինքնաբուխ Գիրը, որով կը վերակազմակերպէ ամուսնութեան եւ ընտանիքի գիտութեան նուիրուած Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետական Աստուածաբանական հիմնարկը եւ իրաւական նոր կարգավիճակ կու տայ անոր։

Սրբազան Պապը կը նկատէ, թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետ, ոգեւորուած ընտանիքի հանդէպ ունեցած իր հոգատարութենէն, 1980 թուականի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսէն ետք, 1981 թուականին հրապարակած էր «Ընտանիք մեր ժանակի մէջ» (Familiaris Consortio) յորդորագիրը, իսկ «Ամուսնութեան Մեծ Խորհուրդը» (Magnum Matrimonii sacramentum) առաքելական սահմանադրութեամբ իրաւական ձեւ կու տար Լատերանի համալսարանի կից գործող «Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետական հիմնարկին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ «ամուսնութեան» եւ «ընտանիքի» նուիրուած Եկեղեցւոյ ջանքերը եւ աշխատանքները, որոնք ուժեղ արտայայտութիւն գտան յատկապէս 2014 թուականի եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի, ինչպէս նաեւ 2015 թուականի օրինաւոր սիւնհոդոսի մէջ, ապա 2016ի մարտ 19ին հրապարակուած «Սիրոյ ուրախութիւնը» (Amoris laetitia) առաքելական յորդորագրով։ Սրբազայն Հայրը կը նկատէ թէ յիշեալ սիւնհոդոսական աշխատանքները, կենդրոնացած ներկայ ժամանակներու ընտանիքի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն եւ ընտանիքի հովուականի խնդիրներու վրայ, ուղղութիւն տուած է Եկեղեցւոյ առաքելութեան, նաեւ ակադեմական կազմաւորումի մակարդակի վրայ։

Մարդաբանական-մշակութային փոփոխութիւնները, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կը թողուն կեանքի բոլոր երեւոյթներուն վրայ, կը պահանջեն վերլուծական եւ զանազանեալ մօտեցում մը, որ մեզի չի թոյլատրեր սահմանափակուիլ անցեալի առաքելութեան եւ հովուականի կերպեր որդեգրելու մէջ։

Նկատի առնելով ներկայ ժամանակի պահանջքները, Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ՝ «այս պատճառներով յարմար տեսայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Հիմնարկին տալ իրաւական նոր կարգաւորութիւն մը, որպէսզի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հեռատէս մտատեսութիւնը, այսօր ալ եւս լաւագոյն կրեպով ճանչցուի եւ գնահատուի իր այժմէական եւ բեղուն նկարագրով։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վեց յօդուածներու մէջ կը բովանդակէ հիմնարկի վերահաստատումի պայմանները եւ անոր ճոխացումը հարկաւոր նոր միջոցներով։ Հիմնարկը պիտի կազմէ նաեւ նոր կանոնագիր մը։ Մինչեւ նոր կանոնագրի վաւերացումը, հիմնարկը ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ գործել մինչեւ հիմա արժող կարգաւորութեամբ։

Որպէսզի ինքնաբուխ գիրը ուժի մէջ մտնէ, ըստ կանոնագրքի տնօրինումին, ան կը հրատարակուի L`Osservatore Romano օրաթերթին մէջ։ Աւելի ուշ փաստաթուղթը պիտի հրապարակուի Acta Apostolicae Sedis պարբերականի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.