2017-09-19 10:15:00

Վատիկանի ռատիոկայանի երբեմնի տնօրէն Հայր Սթեֆանիզզի բոլորեց իր ծննդեան հարիւր ամեակը


«Ռատիօ Վատիկան» Վատիկանի Ռատիոկայանի երբեմնի տնօրէն՝ Հայր Անթոնիօ Սթեֆանիցցի, երկուշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2017-ին, նշեց իր  ծննդեան 100-րդ տարեդարձը ։ Այս առիթով Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհաւորագիր յղեց հարիւր ամեայ կղերականին, որուն մէջ  նշեց  «Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ կը յիշէ  Հայր Անթոնիոյի փութաջան եւ ձեռնհաս աշխատանքը Սուրբ Աթոռի  ծառայութեան ի սպաս,  յատկապէս ընկերային հաղորդամիջոցներուն բնագաւառէն ներս ։

Նշենք, թէ նոյն օրը կէսօրին՝ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Գերապայծառ Լուիզ Ռուիզ այցելեց  Վատիկանի Ռատիոկայանի երբեմնի տնօրէն՝ Հայը Անթոնիօ Սթեֆանիցցին իր ծննդեան տարեդարձի հարիւր ամեակի առիթով։

Գերապայծառ Լուիզ, յանուն Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու ժողովին կառավարիչ՝, Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյին եւ յիշեալ ժողովի անձնակամին շնորհաւորեց հարիւր ամեայ վարդապետը ու անոր նուիրեց Տիրամօր «իքոն» մը։ Հայր Ռուիզ կղերականին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռի ի սպաս մատուցած երկար տարիներու ծառայութեան համար՝ յատկապէս Վատիկանի Ռատիոկայանէն ներս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.