2017-09-19 08:44:00

Սուրիահայ շատ ընտանիքներ վերադարձած են Սուրիա. Հայ պատգամաւոր


Շատ սուրիահայեր, որոնք պատերազմի ընթացքին տեղափոխուած էին այլ երկիրներ, կամաց-կամաց կը վերադառնան Սուրիա, Սեպտեմբեր 18-ին՝ ըստ “Նիուզ”-ի՝ լրագրողներուն յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Րէիսեան:

Հայ պատգամաւորին խօսքով, պատերազմի ծանր տարիներէն ետք Սուրիան կը վերականգնուի:

«Սուրիահայերը պատերազմի տարիներուն տեղափոխուած էին տարբեր երկիրներ։ Ես ասիկա գաղթ չեմ համարեր, այլ տեղափոխութիւն` անվտանգութենէն մեկնած: Մարդիկ ոչ միայն երկրէն դուրս եկան, այլեւ վտանգի մէջ գտնուող քաղաքներէն աւելի անվտանգ վայրեր տեղափոխուեցան: Այժմ տեղեկութիւններ ունիմ, որ շատ սուրիահայեր վերադարձած են Հալէպ՝ եւրոպական երկիրներէն, Հայաստանէն, նոյնիսկ Աւստրիալայէն ընտանիքներ կան, որոնք վերադարձած են: Ի հարկէ, խնդիրներ կան, սակայն պայմանները կը բարելաւուին», ըսած է ան:

Պատգամաւորը յոյս ունի, որ յառաջիկային վերադարձողները աւելի շատ պիտի ըլլան, քանի որ երկիրը կը կայունանայ: Ժիրայր Րէիսեան յայտնած է նաեւ, որ Հալէպի մէջ ներկայիս կը բնակի մօտ 18 հազար հայ, իսկ ամբողջ երկրին մէջ հայերուն թիւը կը հասնի մօտաւորապէս 28 հազարի:








All the contents on this site are copyrighted ©.