2017-09-19 09:04:00

Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակի տօնակատարութիւններ Այնճարի մէջ


15-17 Սեպտեմբերին Այնճարի մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակը, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին` զոյգ առիթները  նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին` զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային տարողութեամբ դիմաւորուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:

Անդրադառնալով Մուսա լերան հերոսամարտին` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մուսալեռցիները հաւատացին իրենց կամքի ուժին եւ նախընտրեցին արժանապատիւ նահատակութիւնը` փոխան սոսկական չարչարանքին ու մահուան: Անոնք լեռ բարձրացան եւ հայուն արժանապատուութիւնը բարձր պահելով պայքարեցան ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցան»:

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.