2017-09-19 09:41:00

Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր


Հայաստան-սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի մասնակիցները այսօր` Սեպտեմբեր 19-ին, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

 Համաժողովի մասնակիցները ծաղկեպսակ դրին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:

Հիւրերը եղան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, գրութիւններ ձգեցին յուշամատեանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.