2017-09-18 12:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 18 սեպտեմբերի քարոզը՝ «Աղօթել կառավարիչներուն համար»։


«Ռատիօ Վատիկան» Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 18-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային պատգամները։

Նոր Կտակարանի ընթերցուածին մէջ, Պօղոս Առաքեալ խորհուրդ կու տայ Տիմոթէոսին, որ աղօթէ «թագաւորներու եւ իշխանաւորներու համար» (Ա. Տիմ Բ. 1-8)։ Իսկ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումին մէջ կը կարդանք այն հարիւրապետին մասին, որ Յիսուսէն կը խնդրէ որ բուժէ իր հիւանդ ծառան (Ղուկ Է. 1-10)։

Հարիւրապետը կը դիմէր Յիսուսի, կʼաղօթէր, որովհետեւ գիտակից էր, թէ ինք չէ գերագոյն հեղինակութիւնը։ Գիտէր, թէ իրմէ վեր կայ ուրիշ մէկը որ հրահանգ կու տայ։

«Եթէ չենք աղօթեր, կը փակուինք մեր ինքնաբաւութեան մէջ, այն շրջանակին մէջ, որմէ չենք կրնար դուրս գալ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Երբ մէկը կը ճանչնայ իսկական խնդիրները, եւ ունի ստորադաս ըլլալու գիտակցութիւնը եւ թէ կայ մէկը որ իրմէ աւելի հզօր է, այն ժամանակ կʼաղօթէ, ինչպէս ըրաւ Սուրբ Աւետարանին մէջ յիշուած հարիւրապետը։

Սրբազան Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, թէ հարիւրապետը կʼաղօթէ իրեն ենթակայ անհատի մը համար։ Պէտք է իշխանաւորներ աղօթեն, որպէսզի Աստուած իրենց շնորհքը տայ լաւագոյնս կառավարելու իրենց յանձնուած ժողովուրդը, ինչպէս Սողոմոն կը խնդրէր Աստուծմէ, ոչ թէ ոսկի եւ հարստութիւն՝ այլ իմաստութիւն։ Պէտք է իշխանաւորներ նոյն ձեւով խնդրեն իմաստութիւն։

Իսկ եթէ անհաւատ է կամ անաստուած եւ չի կրնար աղօթել, այն ժամանակ այդ անձը կրնայ դիմել իր խղճին, կամ ժողովուրդի իմաստուններուն, եւ ոչ թէ մնայ առանձին՝ իր կուսակցութեան փոքր խմբակին մէջ։

Ապա՝ կրկին անդրադառնալով Պօղոս Առաքեալի խրատին, Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ «պէտք չէ իշխանաւորները առանձին ձգենք, պէտք է ընկերանանք անոնց մեր աղօթքով։ Քրիստոնեաները պէտք է աղօթեն իշխանաւորներու համար։» Իսկ թէ իշխանաւոր մը սխալ գործեր կը կատարէ, այն ժամանակ «աւելի եւս պէտք է աղօթել անոր համար եւ համբերել։» Պէտք է աղօթել, «որպէսզի խաղաղութեամբ եւ հանդարտութեամբ վարենք մեր կեանքը», ինչպէս կʼըսէ Պօղոս Առաքեալ։

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Պապը, յորդորեց, որ իւրաքանչիւրը խղճի քննութիւն կատարէ։ Եթէ իշխանաւոր է՝ իր անձին հարց տայ – թէ արդեօք կʼաղօթե՞մ ինծի յանձնուած ժողովուրդին համար։ Իսկ եթէ իշխանաւոր չէ, հարց տայ՝ թէ արդեօք կʼաղօթե՞մ իշխանաւորներու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.