2017-09-18 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աստուծոյ ներումը Իր յորդառատ սիրոյն նշանն է՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ»


«Ռատիօ Վատիկան» Երբ Պետրոս Առաքեալ Յիսուսի կը հարցնէ, թէ քանի՛ անգամ պէտք է ներէ, Յիսուս կը պատասխանէ՝ «եօթն անգամ եօթանասունեօթ»։ Կիրակի, 17 սեպտեմբերին, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ հաղորդուած Յիսուսի այս պատգամը (Մտթ ԺԸ. 21-35) եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն»ի քարոզին նիւթը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ միշտ պէտք է ներել, ինչպէս Յիսուս կը պատգամէ անիրաւ ծառայի մասին պատմած առակին մէջ։ Այդ ծառան ներում ընդունած էր իր թագաւորին կողմէ, սակայն իր կարգին չէր ներեր իր ծառայակիցին։ Այդ ծառային անհետեւողական կեցուածքը որդեգրած կʼըլլանք, երբ կը մերժենք ներել մեր եղբայրներուն։ Իսկ առակին յիշած թագաւորը՝ Աստուծոյ կերպարն է, որ մեզ կը սիրէ այնպիսի հարուստ եւ ողորմած սիրով՝ որ մեզ տեւականօրէն կʼընդունի, կը սիրէ եւ մեզի կը ներէ։

Աստուծոյ ներումը կը սկսի մկրտութեան ժամանակէն, նաեւ սկզբնական մեղքի անլուծանելի պարտաւորութեան ներումով։ Ապա նաեւ Աստուած «անսահման ողորմածութեամբ մեզի կը ներէ բոլոր յանցանքները, հազիւ թէ ցոյց տանք զղջումի թէկուզ փոքր նշան մը։» Սրբազան Հայրը յորդորեց, յաղթահարել այն փորձութեան, որ մեզ կը մղէ մեր սիրտը փակելու ներում խնդրողին դիմաց, յիշելով երկնաւոր Հօր խօսքերը՝ ուղղուած անիրաւ ծառային՝ «Ես քեզի ներեցի բոլոր պարտքերդ, որովհետեւ ինծի աղաչեցիր։ Պէտք չէ՞ դուն ալ գթայիր քու ընկերոջդ, այնպէս ինչպէս ես գթացի քեզի»։

«Այն անձը, որ ապրած է ներում ընդունելու ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ներքին ազատութիւնը, կրնայ իր կարգին բացուիլ ներելու կարելիութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ներել՝ ներում ընդունելու համար, այս առակին ինչպէս նաեւ «Հայր մեր» աղօթքի պատգամն է՝ «թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը, ըսաւ «Աստուծոյ ներումը Իր յորդառատ սիրոյն նշանն է՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ. այն սէրը, որ մեզ ազատ կը թողու հեռանալ, ինչպէս անառակ որդին, սակայն ամէն օր կը սպասէ մեր վերադարձին. հովիւին ձեռներէց սէրն է՝ կորսուած ոչխարին հանդէպ. այն գորովն է, որ կʼընդունի իւրաքանչիւր մեղաւոր, որ կը բախէ Անոր դուռը։ Երկնաւոր Հայրը լի է սիրով, եւ կʼուզէ Իր սէրը մեզի մատուցանել, սակայն չի կրնար, եթէ մեր սիրտը փակենք ուրիշներուն հանդէպ։» Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը ըսաւ՝ «թող Աստուածածինը մեզի օգնէ ըլլալու միշտ աւելի գիտակից Աստուծմէ ընդունած ձրիատուր ներումի մեծութեան, ըլլալու ողորմած բարի Հօր նման՝ դանդաղ բարկութեան մէջ եւ մեծ սիրոյ մէջ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.