2017-09-18 08:58:00

«Քրիստոնեաները հիւրեր կամ գաղթական թռչուններ չեն» ըսաւ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Սուրիոյ մէջ ասորի երիտասարդներու ընդհանուր հանդիպում 2017»-ի մասնակիցներուն հետ Ուղղափառ ասորիներու Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին ներկայութեամբ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Քրիստոնեաները հիւրեր կամ գաղթական թռչուններ չեն, անոնք հայրենիքի գոյութեան հիմն են, առանց անոնց մեր գիտցած բազմազանութեամբ օժտուած Սուրիան գոյութիւն չունի: Փոխարէնը, առանց Սուրիոյ անոնք հող եւ հաստատ գոյութիւն չունին»:

«Սուրիան գոյակցութեան երկիր է եւ ոչ թէ համակեցութեան: Այս երկուքը տարբեր իմաստներ ունին. համակեցութիւնը դժկամութեամբ միւսը ընդունիլ կը նշանակէ, իսկ գոյակցութիւնը առանց զատորոշումի ամբողջական կերպով ապրիլն է», ըսաւ ան:

«Ոմանք մեր շրջանին մէջ քրիստոնեաները թիրախ կը դարձնեն մեր ապրած բազմազանութիւնը թերի դարձնելու համար եւ շրջանը մասնատելու համար յարանուանական ու կրօնական պետութիւններու, որպէսզի օրինականացուի բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ հրէական պետութիւնը, բան մը, որ ոեւէ սուրիացի պիտի չընդունի, իբրեւ հաւատարմութիւն նահատակներուն արիւնին, որ հոսեցաւ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ, անոր պատիւին, միութեան ու բազմազանութեան», ըսաւ Ասատ:








All the contents on this site are copyrighted ©.