2017-09-16 13:01:00

Փոմփէի մէջ ընտանիքներու ուխտագնացութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապի Պատգամը


Շաբաթ, 16 սեպտեմբերին, Փոմփէի մէջ ընտանիքներու կողմէ՝ ընտանիքներու համար կատարուած ազգային 10րդ ուխտագնացութեան առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի անունով պատգամ մը ուղղած է ուխտագնացութեան 10 հազար մասնակիցներուն։ Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է «Սուրբ Հոգիով Նորոգում» հաստատութեան կողմէ, մասնակցութեամբ Փոմփէի Քահանայապետական Առաջնորդարանի, Փոմփէի ու Սքաֆաթիի համայնքներու, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի Ընտանիքներու Հովուականի Ազգային Գրասենեակի եւ այլ կազմակերպութիւններու։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը յորդորէ աղօթել «այն ընտանիքներուն համար, որոնք ենթակայ են վիշտի՝ աշխատանքի բացակայութեան պատճառով, որոնք հալացուած են իրենց հաւատքին համար եւ բոլոր այն ընտանիքներուն համար, որոնք տառապանքի մէջ կը գտնուին։»

Սրբազան Քահանայապետի պատգամին կը կցուի նաեւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական ժողովի ընդհանուր քարտուղար՝ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի պատգամը, որ կʼընդգծէ ուխտագնացութեան վկայութեան արժէքը եւ կը յիշեցնէ ընտանիքի դերը այսօրուան ընկերային, մարդաբանական եւ հիմնարկային համոյթէն ներս։ «Դիւրին չէ, կը շարունակէ պատգամը,

 








All the contents on this site are copyrighted ©.