Սթամպուլի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքեան Սեպտեմբեր 14-ին այցելած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպած պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն:
Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքեան կաթողիկէ համայնքի անունով շնորհաւորած է Պեքճեանը պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն: Կողմերը մտքեր փոխանակած են եկեղեցիին յուզող խնդիրներու շուրջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |