2017-09-16 09:09:00

Նիքարակուայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 16 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Նիքարակուայի եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նիքարակուայի հանրապետութիւնը ունի 6 միլիոն 260 հազարէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը՝ 90 առ հարիւրը, կաթողիկէ են, ապա կան քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու պատկան հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ  տեղական ''Վուտույական'' պաշտամունքի հետեւորդներ։

Նիքարակուայի հանրապետութիւնը իր պաշտօնական անկախութիւնը ճանչցաւ 1821-ին, սակայն լիապէս անկախ դարձաւ միայն 1839 թուականին ''կեդրոնական Ամերիկայի դաշնակցութեան'' փլուզումէն ետք։

Քրիստոնէութիւնը երկրին մէջ մուտք գործած է 16-րդ դարուն՝ Ճիլ Կոնզալէս Տեվիլայի աւետարանութեան առաքելութեան շնորհիւ, որուն ապա  յաջորդեցին Ֆրանչիսկեան ու Տոմինիքեան միաբանութիւնները։ 1527-ին կը հիմնուի Նիքարակուայի եկեղեցական առաջին թեմը։

4 մարտ 1983-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը քահանայապետութեան 17-րդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս կ՛այցելէ  Նիքարակուայի մայրաքաղաք՝ Մանական ու Լէոն քաղաքները, ապա 7 փետրուար 1996-ին  երկրորդ անգամուան համար կ՛այցելէ Մանական, ու այդ այցելութեան առթիւ Անարատ Յղութեան նուիրուած ''Էլ Վիեյօ'' սրբավայրին կը շնորհէ ''Կրտսեր Պազիլիքայի'' տիտղոս։

Նիքարակուայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 10 հովուական առաքելութեան շրջաններէ որոնք կը գտնուին Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի իրաւասութեան տակ։

Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 254 ժողովրդապետութիւններ ուր իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 432 կուսակրօն քահանաներ,  27 սարկաւագներ, 220 կրօնաւորներ ու 1,025 կրօնաւորուհիներ։

Եկեղեցին ապա կը մատակարարէ դաստիարակչական, առողջապահական ու բարեսիրական բազմաթիւ կառոյցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.