Երուսաղէմ ոտք դրած զբօսաշրջիկները, անկախ ազգութենէն, Հայկական թաղամասը չեն շրջանցեր: Անիկա մէկն է Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն. միւս երեքը կը պատկանին քրիստոնէական, հրէական եւ մահմետական համայնքներուն: Սուրբ քաղաքին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը փաստող վկայութիւնները շատ են: Բայց այն, ինչ կրնան տեսնել այցելուները, փոքր մասն է միայն:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի «Էդուարդ եւ Էլեն Մարտիկեան» թանգարանը չի գործեր աւելի քան 20 տարիէ: Ֆրանսահայ նշանաւոր հայագէտ, պատմաբան, մաթեմատիկոս Քլոտ-Արմեն Մութաֆեան 1979-ին այցելած էր թանգարան, բայց մինչեւ հիմա կը յիշէ անոր անմխիթար վիճակը:
Մօտ երկու տարի առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան Քլոդ Մութաֆեանին առաջարկած է զբաղիլ թանգարանի վերաբացումով: Ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Գէորգեանի եւ թանգարանագէտ Յարութ Պեզճեանի հետ սկսած են պատրաստել ցուցադրութեան գիտական ծրագրի նախնական տարբերակը:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը Քլոտ Մութաֆեանը հրաւիրած էր` ներկայացնելու կատարուած աշխատանքը:
Գիտնականը կ՛ըսէ, որ Հայաստանէն ետք Երուսաղէմը ամենամեծ ու արժէքաւոր հայագիտական շտեմարանն է: Ցաւօք, այդ ահռելի նիւթը փակ է: «Շատ զբօսաշրջիկներ Երուսաղէմ կ՛այցելեն եւ անոնց ուղեցոյցին մէջ նշուած է հայկական թաղամասը: Կ՛երթան, բայց Մայր տաճարը այցելութեան համար բաց է միայն 15:00-էն 15:30: Յետոյ կը տեսնեն սլաքը ցոյց կու տայ` Armenian museum: Կ՛երթան, փակ է:
«Սիրտս կը ցաւի, որ մարդիկ խանդավառութեամբ կու գան, բայց ոչինչ կը տեսնեն: Եթէ մէկը կ՛ուզէ իմանալ, զարգանալ, պէտք է օգնել անոր: Միաբաններու կողմէ մեծ դիմադրութիւն կայ: Տարօրինակ մտածելակերպ է` մերն է, պէտք է պահենք, օտարը չտեսնէ, չնախանձի»,- կ՛ըսէ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան: 700 քառակուսի մեթր տարածքով երկյարկանի շէնքը պէտք է բարեկարգուի եւ յարմարութիւն ստեղծուի մշտական ցուցադրութեան համար:
Ըստ նախնական ծրագրի` թանգարանը պիտի ունենայ քանի մը բաժին, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրբ քաղաքի հայկական ժառանգութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց վանքը` իր բարերարներով եւ ուխտաւորներով, պիտի ըլլայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն, տպագրութեան վերաբերող նիւթեր եւ լուսանկարներ: Երուսաղէմի մէջ առաջին տպագիր գիրքը հայերէն է, եւ տպագրական մեքենան ալ կը պահուի Հայոց պատրիարքարանին մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |