2017-09-16 08:17:00

«Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած Է «Ժամագիրք» Հոգեւոր Ժողովածուն


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսաւ Ժամագիրքը, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ հնագոյն երաժշտա-ծիսական մատեաններէն է, հայ եկեղեցական արարողակարգին եւ տօներուն պատշաճեցուած աղօթքներու, հոգեւոր երգերու, քարոզներու հիմնական ժողովածուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամէն:

Նախաձեռնութեան հեղինակը «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ Արթուր Ջանիբեկեանն է:

Ժամագիրքը եւրոպական նոթագրութեամբ երբեք չէ հրատարակուած: Այն 1877 թուականին Համբարձում Լիմոնճեանի հայկական նոթագրութեան համակարգով գրառած է երաժշտագէտ, խմբավար Նիկողայոս Թաշճեան: Վերջին  քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին Երեւանի Կոմիտասի անվ. պետ. երաժշտանոցի ֆոլկլորագիտութեան ամպիոնի դասախօսներու եւ ուսանողներու համատեղ ջանքերով ժամագիրքը փոխադրուած է եւրոպական նոթագրութեան: 960 էջէ բաղկացած այս ակադեմական հրատարակութիւնը` Ժամագիրքը, ներկայիս թուայնացուած է, յագեցուած երաժշտագիտական նախաբանով, գիրքին մէջ հանդիպող եզրերու (տերմիններ) բառարանով, երգային նմուշներու ամբողջական ցանկով` այս ամէնը հայերէն եւ անգլերէն:

Քանի մը ամիս առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութեամբ վերահրատարակուած է Մակար Եկմալեանի` երգչախումբի համար գրուած Սուրբ Պատարագը: Գիրքը կը վերահրատարակուի նոթագրութեան ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան, լատինատառ փոխակերպումով, նախաբանով, երաժշտագիտական վերլուծութիւններով եւ ատոնց անգլերէն թարգմանութեամբ` հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր ծէսի` այս կարեւորագոյն նմուշը միջազգային հանրութեան եւ սփիւռքին հասանելի դարձնելու համար:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ բազմազան ու մեծ արժէք ներկայացնող այս երաժշտութիւնը գրեթէ ներկայացուած չէ միջազգային երաժշտասէր հանրութեան, եւ յատկապէս դատարկ  վիճակի մէջ կը գտնուի հայ երաժշտութեան նոթաներու ոլորտը 2014 թուականին «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամին կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը ստանձնեց ժողովրդական, աշուղական եւ հոգեւոր երաժշտութեան` ձեռագիր եւ նախապէս տպագրուած նոթաներու ուսումնասիրութիւնը:

Իբրեւ արդիւնք ընտրուեցան երաժշտական ամենաարժէքաւոր նմուշները եւ սկսաւ  ատոնց թուայնացման ու վերահրատարակման գործընթացքը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկուեցաւ հայերէն նիւթերու լատինատառ փոխարկերպումով (տառադարձութեան) եւ ծանօթագրական նիւթերու պատրաստումն ու ատոնց անգլերէն թարգմանութիւնը:

Շնորհիւ այս նախագիծին` վերջապէս, 100 տարի անց, իրականացաւ Կոմիտաս Վարդապետի ծրագիրը. լոյս տեսաւ անոր կողմէ կազմուած «Հազար ու մի խաղ» 100 ժողովրդական երգերու ընտրանին, որ անվճար յատկացուած է գրադարաններուն, ուսումնական եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն եւ այլն:

Հարիւրէ աւելի մարդոց արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ ստեղծուեցաւ առցանց երաժշտական ձայնադարան, տեսադարան եւ գրադարան` http://www.armenianmusic.am/ հասցէով, ուր զետեղուած են հայ ժողովրդական, հոգեւոր եւ աշուղական երաժշտութեան հարիւրաւոր գոհարներ` Հայաստանի լաւագոյն երաժիշտներու բարձրաճաշակ անհատական կատարումներով: Բոլոր հոգեւոր եւ ժողովրդական երկերը ներկայացուած են նաեւ համապատասխան նոթաներով: Կայքն այսուհետ հասանելի է նաեւ բջջային յաւելուածի տեսքով` IOS եւ Android  համակարգերու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.