2017-09-14 10:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Եմենի մէջ առեւանգուած ու ազատ արձակուած Հայր Թոմասին հետ:


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ծունկի եկաւ Քահանայապետին առջեւ համբուրելու համար անոր ոտքերը մինչ Քահանայապետը օգնեց որ ոտքի կանգնի ապա համբուրեց անոր ձեռքերը''։ Այս պատկերը կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Սալեզեան միաբանութեան անդամ՝ Հնդիկ Հայր Թոմաս Ուզհունալիլի հետ, որ 18 ամիսներ առաջ առեւանգուած էր Եմենի մէջ ահաբեկչական մէկ խմբաւորումի մը կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, չորեքշաբթի 13 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Հայր Թոմասը ընկալեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ զայն ողջագուրելով ու քաջալերելով ու անոր ապահովեցնելով թէ պիտի շարունակէ աղօթել իրեն համար այնպէս ինչպէս ըրած էր անոր բանտարկութեան ընթացքին։

Հայր Թոմաս ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետին անոր խոստովանելով թէ ամէն օր աղօթած էր Սրբազան Հօր համար, իր չարչարանքները նուիրելով Քահանայապետի առաքելութեան ու Եկեղեցւոյ բարիքին։

Հայր Թոմաս ապա երախտագիտութիւն յայտնեց Օմմանի կառավարութեան որուն միջամտութեամբ է որ կարելի եղած է անոր ազատագրումը։

Հայր Թոմաս ապա հաստատեց թէ բանտարկութեան շրջանին ինք՝ ամէն օր իր մօտ ունեցած էր Յիսուսը եւ ասոր համար երբեք ինքզինք միայնակ չէր զգացած։ 

Սալեզեան միաբան Հայր Թոմասը Եմենի Ատէն քաղաքին մէջ առեւանգուած էր 2016-ի մարտ 4-ին, ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումի մը ծերանոցի վրայ կատարած յարձակումէն ետք որուն ընթացքին սպաննուեցան Քալքութայի Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութեան ''Գթութեան Միսիոնարներու'' անդամ չորս քոյրեր եւ այլ 12 անհատներ։

56 ամեայ Սալեզեան միսիոնարը մի քանի օրեր պիտի մնայ Վատիկանի մէջ՝ բժշկական քնութիւններուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.