2017-09-14 09:50:00

Հիւսիսային Քորէա կը մերժէ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նոր պատժամիջոցները


Հիւսիսային Քորէա կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նոր պատժամիջոցները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է ՔՆՍԱ պետական լրատու գործակալութեան կայքին վրայ:

«Փիոնկիանկ կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անօրինական բանաձեւը, որուն մէջ հրթիռային արձակումը որակուած է իբրեւ սպառնալիք միջազգային ընտանիքին ու անվտանգութեան: Այդ փաստաթուղթով մեզ զրկած են ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն: Ատիկա կը նշանակէ, որ մեզի անհրաժեշտ է աւելի արագ զօրեղ ազդակ հաղորդել Հիւսիսային Քորէայի հզօրութեան մեծացման` գերիշխանութեան եւ գոյութեան իրաւունքի ապահովման համար», նշած է նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 11 սեպտեմբերին Հիւսիսային Քորէայի դէմ որդեգրած էր նոր պատժամիջոցներ, որոնք Փիոնկիանկը իր զէնքերու ծրագիրներուն համար քարիւղէ եւ եկամուտէ զրկելու նպատակով կը սահմանափակեն քարիւղի ներածումը եւ կ՛արգիլեն հիւսուածեղէնի արտածումը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.