2017-09-14 13:56:00

Անապատացումի դէմ պայքարի միջազգային 13րդ ժողովին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անունով պատգամ մը յղած է Օրտոսի մէջ, անապատացումի դէմ մղուած պայքարի  գումարուած միջազգային 13րդ ժողովի մասնակիցներուն։

Կարդինալ Փարոլին, կը գրէ՝ թէ Սրբազան Քահանայապետը «կը փափաքի շնորհակալութիւն յայտնել յատկապէս Չինաստանի պետութեան եւ ժողովուրդին որ հիւրընկալած է այս կարեւոր ժողովը։ Ան ուրախ է որ ժողովը մտահոգ է արթնացնելու պետութիւններու հետաքրքրութիւնը եւ յանձնառութիւնը անապատները պարտէզներու վերածելու մեծ ձեռնարկին։»
Կարդինալ Փարոլին յիշատակում կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապի «Գովեալ լիցի» շրջաբերականէն՝ ուր Սրբազան Հայրը կը խօսի «մեր հասարակաց տան խնամքի» մասին եւ տարածքներու անապատացումը կը նկատէ «հողի մէկ հիւանդութիւնը»։
Պատգամին մէջ Ծիրանաւորը կը յայտնէ, թէ Սրբազան Պապը յոյս կը յայտնէ, որ յիշեալ ժողովը, հարցերը քննարկելու ժամանակ առաջնորդուի համապարփակ մօտեցումի հոգիով, որ անապատացումի խնդիրը կը նկատէ մաս աղքատութեան եւ այլ խնդիրներու, որոնք որոշիչ տարրեր են տիեզերական հասարակութեան հոգեւոր եւ բարոյական առողջութեան։ Ան կը քաջալերէ ժողովի ջանքերը եւ կը հայցէ Աստուծոյ օրհնութիւնը ժողովի մասնակիցներուն համար եւ անոնց համար որոնք կ՛աջակցին անոնց հետախուզումներով եւ խորհուրդով։








All the contents on this site are copyrighted ©.