2017-09-13 09:34:00

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը նոր պատժամիջոցներ որդեգրեց Հիւսիսային Քորէայի դէմ


Հիւսիսային Քորէայի կողմէ 6-րդ եւ մեծագոյն հիւլէական փորձարկումին կատարումէն ետք, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ անոր դէմ որդեգրեց նոր պատժամիջոցներ, որոնք Փիոնկիանկը իր զէնքերու ծրագիրներուն համար քարիւղէ եւ եկամուտէ զրկելու նպատակով կը սահմանափակեն քարիւղի ներածումը եւ կ՛արգիլեն հիւսուածեղէնի արտածումը:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, թէ նոր պատժամիջոցները կը սահմանափակեն հում քարիւղի եւ քարիւղամթերքի ներածումը: Այս մարզին մէջ գլխաւոր մատակարարն է Փիոնկիանկի տնտեսական գործընկեր Չինաստանը: Հիւսուածեղէնի արտածումը Հիւսիսային Քորէայի երկրորդ մեծագոյն արտածումն է եւ երկրին կ՛ապահովէ տարեկան աւելի քան 700 միլիոն տոլար: Արտասահմանի մէջ աշխատող հիւսիսային քորէացիներու սահմանափակումը երկիրը կը զրկէ եկամտահարկերէ գոյացած տարեկան 500 միլիոն տոլար գումարէ:

Երէկ որդեգրուած պատժամիջոցներու որոշումը 2006-էն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 6-րդ միաձայնութեամբ որդեգրած որոշումն էր:

Միացեալ Նահանգներ կը ձգտէին աւելի խիստ պատժամիջոցներու որդեգրման, սակայն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ վեթոյի օգտագործման սպառնալիքին լոյսին տակ այդ պատժամիջոցները մեղմացուեցան: Բայց եւ այնպէս, Հիւսիսային Քորէան զայրոյթով հակազդեց պատժամիջոցներու որդեգրման:

Փիոնկիանկ պետական ՔՆՍԱ լրատու գործակալութեան վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մը ընդմէջէն զգուշացուց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ի վերջոյ աւելի խիստ պատժամիջոցներու որդեգրման առաջնորդեն, Հիւսիսային Քորէան «բացարձակապէս ապահով պիտի դարձնէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք եղած գինը վճարեն»:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի քուէարկութենէն ետք յայտարարեց. «Մենք չենք ձգտիր պատերազմի: Եթէ Հիւսիսային Քորէա համաձայնի դադրեցնել իր հիւլէական ծրագիրը, ան կ՛ապահովէ իր ապագան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.