2017-09-13 09:42:00

Իրաքի խորհրդարանը կը մերժէ Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն


Իրաքի խորհրդարանը երէկ քուէարկեց ընդդէմ Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին: Խորհրդարանը որոշեց վարչապետ Հայտար Ապատիէն պահանջել Իրաքի միասնականութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ որեւէ միջոցառում որդեգրել եւ առկախ հարցերու լուծման համար լուրջ երկխօսութեան սկսիլ:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ քիւրտ երեսփոխանները քուէարկութեան պատճառով հեռացած են խորհրդարանի նիստէն:

Իրաքի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Քրտական ինքնավար մարզի նախագահի խորհրդական Հոշիար Զիպարի յայտնեց, որ այդ մերժումը «պարտադիր չէ»` նշելով, որ Քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանը հինգշաբթի օր հոկտեմբեր 2015-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ժողով մը պիտի գումարէ` հակադարձելու համար իրաքեան խորհրդարանի որդեգրած որոշումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.