2017-09-13 12:34:00

Գերապայծառ Եանուշ Ուրպանչուքի ելոյթը Վարշաւիայի ԵԱՀԿի հանդիպումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս սեպտեմբեր 13-22 Վարշաւիայի մէջ կը գումարուի ԵԱՀԿի հանդիպումը, ուշադրութիւնը կենդրոնացնելով մարդկայնութեան տարածքին։ Այս առիթով, Գերապայծառ Եանուշ Ուրպանչուք, ԵԱՀԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն ներկայացուցիչը, երեքշաբթի, սեպտեմբեր 12ին ուղղած մէկ պատգամին մէջ նշած է, թէ «Եկեղեցւոյ  ընկերային ուսուցման ծիրէն ներս, մարդկային իրաւունքները նկարագրուած են իբր տիեզերական, անքակտելի եւ անձեռնմխելի։ Անոնք տիեզերական են, որովհետեւ կʼարժեն մարդկային բոլոր էակներուն համար՝ առանց ժամանակի, վայրի եւ ենթակայի բացառութեան։

Անքակտելի են՝ այն առումով, որ բնորոշ են մարդկային անհատին եւ արտայայտութիւններ են մարդկային արժանապատուութեան ։Այդ իրաւունքները անձեռնմխելի են, այն իմաստով, որ ոչ ոք կրնայ օրինաւորապէս ուրիշները զրկել այդպիսի իրաւունքներէ։»

Գերպ. Ուրպանչուք յիշեցուցած է, թէ Սուրբ Աթոռը միշտ իր մտահոգութիւնը յայտնած է մարդկային իրաւունքներու մերժումին նկատմամբ։ ''Մարդկային իրաւունքները, նշած է ան, պետութեան մը շնորհած առանձնաշնորհումներ չեն, ուր պետութիւն մը ըստ քմայքի տնօրինէ զանոնք։''








All the contents on this site are copyrighted ©.