2017-09-11 08:30:00

Ծիսական գիտելիքներ- Դ. Կիրակի զկնի Վերափոխման. Բարեկենդան Ս. Խաչի (10-17 Սեպտեմբեր 2017)։


Վերափոխման Դ. Կիրակի օրը, Խաչվերացի բարեկենդան է, օրուայ աւետարանը, (Մարկոս 7, 31-37) կը խօսի Յիսուսի հրաշքներէն խուլ համրի բուժումին մասին։

Յիսուս թողուց Տիւրոսը եւ Սիդոնի ճամբով մեկնեցաւ դէպի Գալիլիոյ ծովին եզերքը բերին իրեն խուլ մը որ միաժամանակ դժուարաւ կը խօսէր  եւ կ՝աղաչէին որ ձեռքը վրան դնէր։  Յիսուս  ամբոխէն մէկդի տարաւ զինք, մատները ականջներուն մէջ դրաւ եւ թուքով լեզուին դպաւ։ Յետոյ աչքերը երկինք բարձրացնելով  ըսաւ ՜՜Եփփաթա՝՝ որ կը նշանակէ՝  բացուէ . իսկոյն անոր ականյները  բացուեցան եւ սկսաւ խօսիլ անթերի։ Յիսուս պատուիրեց  անոնց որ մարդու բան չըսեն, սակայն որքան Յիսուս պատուիրէր անոնք այնքան աւելի կը հռչակէին։ Խորապէս զարմացած անոնք  կ՝ըսէին. ՜՜ ամէն բան լաւ կ՝ընէ. Խուլերուն լսել կու տայ եւ  համրերուն՝ խօսիլ՝՝։

Բոլոր շաբաթը, երկուշաբթի օրէն մինչեւ Ուրբաթ, -բացի չորեքշաբթիէն- պատրաստողական պահք մըն է Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ։

Խաչվերացը, կամ Սուրբ Խաչի յաղթական վերադարձին տօնը, հինգ տաղաւարներէն մին է հայկական տօնացոյցին. Այս պատճառաւ ալ կ՛ընդգրկէ պատրաստողական պահք եւ ապա` տօնէն ետք, նաեւ օր մեռելոց եւ տօնի շարունակութիւն, ամբողջ շաբաթ մը։

Շաբաթ օրը` 16 Սեպտեմբերին, Նաւակատիք է Սուրբ Խաչին.

Նաւակատիքը շաբաթապահքի մը աւարտին` պահքի մեղմացումն է. Այն օրը կարելի է զոր օրինակ ձկնեղէն ու կաթնեղէն ուտել։ Սակայն Նաւակատիք կը կոչուի նաեւ եկեղեցւոյ մը շինութեան աւարտին կատարուած հանդէսը. Ամէն տարի, նոյն եկեղեցւոյ կառուցման տարեդարձի օրը կը կոչենք մեր ծէսին մէջ Նաւակատիք։

Շաբաթապահքը եւ Նաւակատիքը նիւթական ու մարմնական պատրաստութիւններ են Սուրբ Խաչի մեծ տօնին, որուն պէտք է նաեւ պատրաստուիլ հոգեպէս, աղօթքով ու ապաշխարութեամբ։

Կիրակի 17 Սեպտեմբերը,  Խաչվերաց է. Տօն՝ Ս. Խաչի Վերացման. Տաղաւար տօն է։  








All the contents on this site are copyrighted ©.