2017-09-11 11:30:00

Ինը խորհրդատու կարդինալներուն 21-րդ ժողովը Վատիկանի մէջ 11-13 սեպտեմբեր 2017-ին։


«Ռատիօ Վատիկան» Երկուշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապի խորհրդատու Ինը կարդինալներու 21-րդ ժողովը, որ վերջ պիտի գտնէ 13 սեպտեմբեր 2017-ին։

Ինը  կարդինալներէ  բաղկացած այս  մարմինը, հիմնուած է Ֆրաչնսիսկոս Պապին կամքով, որուն նպատակն է օգնել Սրբազան Քահանայապետին՝ տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման մէջ եւ ունի որպէս նպատակ  Հռոմի Քուրիայի առաքելական սահմանադրութեան վերատեսում ու նոր ծրագիրներու ուսումնասիրութիւն։  

Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալական վերոնշեալ  խորհուրդին քարտուղար՝ գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ անդրադառնալով խորհուրդին որդեգրած գործելակերպին յայտնեց, թէ յիշեալ խորհուրդին անդամները, նախ եւ առաջ կ՝ունկնդրեն Հռոմի Քուրիայի զանազան բաժանմունքներէն  հասած  առաջարկները  ապա   քննարկելէ եւ վերատեսելէ ետք այդ առաջարկները զանոնք վերջնական կերպով կը ներկայայցնեն Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն կ՛իյնայ վերջնական որոշումը առնել։ Արդարեւ խորհրդատու կարդինալներու պարտականութիւնն է առաջարներ ներկայացնել, որոնց հիման վրայ է որ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛առնէ իր որոշումները։ Գերապայծառ  Սեմերարօ յայտնեց նաեւ թէ Ինը Կարդինալներու խորհուրդի գործունէութիւնը չի հայիր միայն ''առաքելական սահմանադրութեան'' մէջ փոփոխութիւնները կատարելու,  այլ այդ գործը աւարտելէ ետք անոնք պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը թիկունք կանգնելով քահանայապետին ու կատարելով իրենց խորհրդատուի  պարտականութիւնը։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը ու Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին` Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութենէն կը վերադառնան երկուշաբթի կէսօրին ու այս պատճառաւ չի կարողացան մասնակցիլ Կարդինալական խորհուրդի երկուշաբթի օրուան առաւօտեան նիստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.