2017-09-11 12:56:00

Էջմիածնի ​ Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ կատարուած է խաղաղութեան աղօթք


Հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կիրակի՝ 10 սեպտեմբեր 2017-ին, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին կատարուած է միջեկեղեցական աղօթք-մաղթանք` նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու ամրապնդման:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդմամբ, խաղաղութեան աղօթքին ներկայ եղած են՝  իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի նախաձեռնութեամբ՝ Իրաքէն Մայր Աթոռ ժամանած Իրաքի կրօնապետներու եւ Քրիստոնէական աւանդապահութեանց նախարար Տիար Ռաադ Քաչաչիի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու դեսպաններ ու հաւատարմատարներ:

Արարողութենէն առաջ խօսքով հանդէս եկած է Իրաքահայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոսը, այնուհետեւ ներկայ չորս կրօնապետներէն իւրաքանչիւրը իր աղօթք-մաղթանքը բերած է` Մերձաւոր Արեւելքի, մասնաւորապէս Իրաքի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կրօնական հանդուրժողականութեան ամրապնդման համար:

Միջեկեղեցական աղօթքը աւարտած է Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.