2017-09-10 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը Քարթակենայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քոլոմպիա  կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը յատկացուց Քարթակենա քաղաքին ուր օրհնելէ ետք տնանկներու համար կառուցուելիք բնակարաններու առաջին քարը, Սուրբ Փետրօ Քլավէրի` Յիսուսեաններու եկեղեցւոյ մուտքին արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ու այս առթիւ այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ մատնանշելով Չիքինքիրայի Տիրամօր Սրբապատկերին որ` ''երկար ժամանակ մոռացութեան մատնուած էր ու իր գոյները կորսնցուցած ու նոյնիսկ պատռտուած'', Մարիա Ռամոս անունով կնոջ մը կողմէ կը նշմարուի ու անոր կը վերադարձուի կորսուած արժէքը։

Այդ կինը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դարձաւ տիպար` բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով կը ջանան կեանքի վէրքերու  լուծին տակ ինկած եղբօր արժանապատուութիւնը վերականգնեցնել, տիպար` անոնց որոնք չեն վհատիր արժանավայել օճախ մը նուիրելու անոնց, անոնց վերադարձնելով Աստուծոյ զաւակներու իրենց գեղեցկութիւնը։

''Աղքատներն ու խոնարհներն են որոնք կը խոկան Աստուծոյ ներկայութիւնը, անոնց է որ աւելի յստակօրէն կը յայտնուի Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդը'' - յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ընդգծեց թէ  ''եկեղեցւոյ մէջ պիտի աղօթենք Մարիամին որ ինքզինք կոչեց ''Տիրոջ աղախինը'' ու պիտի աղօթենք Սուրբ Փետրօ Քլավէրին որ ինքզինք անուանեց ''սեւամօրթներու ստրուկ մինչեւ վերջ''։ Ան ամէն օր կը սպասեր նաւերու ժամանումը որոնք ստրուկներ կը փոխադրէին ու զանոնք կը դիմաւորէր սիրոյ եւ ողորմութեան լեզուներով ու ասոր համար բոլորն ալ  զինք կը հասկնային որովհետեւ սէրը, եղբայրսիրութիւնը  մեզ կ՛օգնեն հասկնալու ճշմարտութիւնը ու ճշմարտութիւնը կը պահանջէ եղբայրասիրութեան արտայայտութիւններ։  

Սուրբ Փետրօ Քլավէրը հրաշալի կերպով վկայեց պատասխանատուութիւնը զոր մեզմէ իւրաքանչիւրը ունենալու է իր եղբօր նկատմամբ։ Ան անիրաւ կերպով անբաստանուեցաւ որովհետեւ իր առաքելութեամբ սպառնալիք դարձած էր ստրուկներու նպաստաւոր վաճառականութեան...այսօր եւս Քոլոմպիայի ու աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ կը վաճառուին որպէս ստրուկներ եւ կամ դարձած են մուրացկաններ` մարդկայնութեան ու քնքշութեան, որովհետեւ կորսնցուցած են ամէն ինչ, սկսեալ իրենց արժանապատուութիւնէն – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց. ''Չիքինքիրայի Տիրամայրը եւ Փետրօ Քլավէն մեզ կը հրաւիրեն աշխատելու մեր եղբայրներու արժանապատուութեան ի նպաստ, յատկապէս անոնց որոնք աղքատ ու անտեսուած են ընկերութենէն, անոնց որոնք լքուած են, գաղթական են ու անոնց որոնք թիրախ են բռնութեան ու մարդավաճառութեան''։

''Բոլորս ստեղծուած ենքԱստուծոյ պատկերին համաձայն­'', աւելցուց  Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց հաւատացեալները դիմելու Սուրբ Կոյսին որպէսզի մեզի թոյլ տայ` ժամանակակից իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ մէջ յայտնաբերելու Աստուծոյ դիմագիծը։








All the contents on this site are copyrighted ©.