2017-09-10 19:01:00

Քարթակենա - Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքն ու կոչը Վենեզուելլայի տագնապին լուծման ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 սեպտեմբեր 2017-ին, Քարթակենայի Սան Փետրօ Քլավէրի եկեղեցւոյ մուտքին արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց ի նպաստ Վենեզուլլային  իր աղօթքը վստահեցնելով բոլոր Լատին Ամերիկայի երկիրներուն ու յատուկ կերպով Վենեզուելլային։

''Իմ մօտիկութիւնը կը յայտնեմ այդ սիրելի երկրին իւրաքանչիւր զաւկին, ու անոնց որոնք Քոլոմպիայի այս հողին վրայ գտան հիւրընկալ վայր մը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղելով ու խնդրելով որ ''մերժուի քաղաքական կեանքէն ներս բռնութեան որեւէ արարք ու պատշաճ լուծում գտնուի այդ ծանր տագնապին որուն մէջ կ՛ապրի երկիրը եւ որ կը հայի մեզի բոլորիս, ըսաւ Ան­ յատկապէս ակնարկելով ընկերութեան ամենէ տառապող խաւերուն։

Սուրբ Կոյս Մարիամը բարեխօսէ աշխարհի բոլոր կարիքներուն համար ու իր զաւակներու իւրաքանչիւրին համար ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու ողջունեց բոլոր ներկաները ու բոլոր անոնք որոնք հաղորդակցութեան միջոցներով կը հետեւին արարողութեան, ապա բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռանալ աղօթել իրեն համար''։  

Ապա առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէն առաջ ըսաւ. «Այժմ, կ՛ուզէի ձեզի իմ օրհնութիւնս շնորհել։ Իւրաքանչիւրս, օրհնութիւնը ընդունելէ առաջ, պահ մը լռութիւն թող պահէ իր սրտին մէջ, թող յիշէ իր ամենաշատ սիրած անձին անունը ու նաեւ անունները այն անձերուն որ չի սիրեր­, անունները անձերուն զոր կը սիրենք ու այն անձերուն զոր գիտենք թէ չենք սիրեր­» կրկնեց Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց բոլորին համար հայցել օրհնութիւնը.  «Բոլորին» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու պահ մը լռութենէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.