2017-09-09 19:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Մետելլինի մէջ. ''Քրիստոնէական կեանքը որպէս աշակերտութիւն'':


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը Մետելլին քաղաքին մէջ եւս մատուցեց սուրբ պատարագ նուիրուած Սան Փիերօ Քլավէրին։ Արարողութեան սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը, որ կլիմայական անկայունութեան պատճառաւ ստիպուած եղած էր փոխանակ ուղղաթիռի ինքնաշարժով ժամանել արարողութեան վայր, 45 վայրկեան ուշացում ունենալով, խօսքը ուղղելով այնտեղ համախմբուած մէկ միլիոնէ աւելի հաւատացեալներուն խնդրեց անոնց ներողամտութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ունեցած համբերութեան ու  քաջութեան համար։ Ապա սկիզբ տուաւ ծիսական արարողութեան ըսելով ''ըլլալով ամէնքս մեղաւորներ, ներողութիւն խնդրենք մեր մեղքերուն համար''։ Մինչ Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ  Յիսուսին հետեւելու կարեւորագոյն պայմաններուն մասին, որոնք չեն կայանար «օրէնքը յարգելու եւ կամ զոհ մատուցանելու մէջ»,– ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Յիսուս առաքեալներուն ցոյց տուաւ,  որ Իրեն  հնազանդիլ եւ հետեւիլ կը նշանակէ քալել  բորոտներուն, մեղաւորներուն եւ անդամալոյծներուն առջեւէն»։

Յիսուսին ետեւէն քալելը ունի տարբեր առաջնահերթութիւններ եւ այլ նկատողութիւններ` ծառայելու համար Աստուծոյ։  Յիսուս արդարեւ եկաւ  օրէնքը լրացնելու ու Անոր հետեւիլը կ՛ենթադրէ առաքելական կեանքը բնորոշող երեք իրողութիւններ. դիմել էականին, վերանորոգում եւ ներգրաւուում,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու խօսքը կեդրոնացուց  յիշեալ երեք կէտերուն  վրայ։

Առաջին` դիմել էականին։ Դիմել էականին  կը նշանակէ ձգտիլ այն բաներուն որոնք արժէք մը ունին կեանքին համար։ Յիսուս կը սորվեցնէ թէ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը օրէնքի կիրակում մը չէ այլ շարունակական ընթացք մըն է։ Առաքելականութիւնը   քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումի կապուածութիւն չէ , այլ Տիրոջ կենդանի եւ գործօն  բարեկամական  ներկայութեան փորձարարութիւնն է, որ կ՝ենթադրէ  մնայուն կազմաւորում Աստուծոյ  Խօսքին մշտական  ունկնդրութեան միջոցաւ։

Մինչ վերանորոգումը պէտք չէ մեզ վախի ենթարկէ։ Եկեղեցին  յարատեւ վերանորոգումի մէջ է։ Ան չի վերանորոգուիր  իր քմահաճոյքին համար,  այլ այս մէկը կը կատարէ  հիմնուած եւ ամրապնդուած  հաւատքին մէջ,   ու  խարսխուած  Աւետարանի ունկնդրութեան վրայ։  Վերանորոգումը կը պահանջէ զոհողութիւն եւ քաջութիւն աւելի լաւ համապատասխանելու համար Տիրոջ կոչին։  Կոչ մը որ մեզմէ կը պահանջէ նոր ու հրատապ պատասխաներ տալ երբ Անոր վէրքերը բաց են ու Անոր արդարութեան սովն ու ծարաւը մեզ կը հարցադրեն, յարեց ապա Սրբազան Պապը նշելով թէ Քոլոմպիային մէջ եւս կան բազմաթիւ կացութիւններ, որոնք առաքեալներէն կը պահանջեն Տիրոջ ապրելակերպը,  յատկապէս   սէր,  որ կը թարգմանուի  ոչ բռնի  արարքներով, խաղաղութեան եւ  եւ համերաշխութեան մէջ։ 

Անդրադառնալով  երրորդ կէտին՝  ներգրաւումի մասին , Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ մեզմէ խնդրուած է աճիլ  ժուժկալութեամբ, աւետարանական  քաջութեամբ,  որ կը բխի այն գիտակցութենէն,  թէ բազմաթիւ են այն անձերը, որոնք Աստուծոյ անօթութիւնը կը զգան, արժանապատուութեան անօթութիւնը, ապա նշեց թէ չենք կրնար  ըլլալ  այն քրիստոնեաները, որոնք պաստառ մը ունին  որուն վրան գրուած է  «այստեղէն անցքը արգիլուած է» եւ ոչ  իսկ կրնանք  մտածել  թէ կարող ենք սեփականատէրեր դառնալ բանի մը որ մեզի չի պատկանիր։    

Եկեղեցին մերը չէ այլ Աստուծոյ կը պատկանի։ Ան է տաճարին Տէրը ուր բոլորին համար տեղ կայ եւ բոլորն ալ հրաւիրուած են իրենց սնունդը գտնելու այնտեղ'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ մենք պարզ ծառաներ ենք ու մեզի չիյնար արգելք ըլլալ մարդոց՝ Յիսուսին հետ հանդիպուին: Ընդհակառակը` Յիսուս մեզմէ կը պահանջէ, իր աշակերտներուն նման, որ ''մենք տանք անոնց կերակուր''։ Այս է ահա մեր ծառայութիւնը ու այս մէկը լաւապէս հասկցած էր Սուրբ Փիեթրօ Քլավէրը, որուն այսօր կը տօնախմբենք ծիսական տօնը, եւ զոր վաղը պիտի մեծարեմ Քարթակենայի մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ Սուրբին կեանքի կարգախօսն էր  ''Սեւամորթ ստրուկներու ծառայ առ յաւէտ'', որովհետեւ որպէս Յիսուսի աշակերտ ան հասկցաւ թէ չէր կրնար անտարբեր մնալ լքուածներու ու հարստահարուածներու ցաւին դիմաց ու թէ պարտական էր այդ ցաւերը սփոփել։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, Քոլոմպիայի Եկեղեցին կանչուած է աւելիով յանձնառու ըլլալ աշակերտ միսիոնարներու կազմաւորման գործընթացին մէջ։ Աշակերտներ որոնք գիտեն տեսնել, դատել եւ գործել։ Տեսնել առանց  ժառանգական կարճատեսութեան, գիտնալով քննարկել իրականութիւնը Յիսուսի նոյնինքն աչքերով ու սրտով, ապա կը դատեն, հուսկ յանձնառումով կը գործեն։

''Ես եկայ մինչեւ այս վայրը ձեզ հաստատելու համար հաւատքի եւ Աւետարանի յոյսին մէջ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը յորդորելով  կառչած եւ ազատ մնալ Քրիստոսի մէջ ու զայն ցոլացնել ապրելակերպի  ու գործերու ընդմէջէն եւ ուրախութեամբ աւետել Զինք։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի ընկերանայ աշակերտներուն ուղեւորութեան ու ''բոլորին տանինք Աւետարանի ուրախութիւնն ու լոյսը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.