2017-09-09 23:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քոլոմպիայի կղերական դասի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, սեպտեմբեր 9ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մետելինի մէջ հանդիպում ունեցաւ քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու հետ։
Սրբազան Պապը, նախ յիշեցուց օրուան ընթերցուածը, առնուած Յովհաննէսի Աւետարանէն, ուր Յիսուս վերջին ընթրիքի ժամանակ իր առաքեալներուն կու տայ իր սիրոյ պատգամը, կը լուայ անոնց ոտքերը, կʼուզէ իր յիշատակը յաւերժացնել հացի եւ գինիի տեսակներուն տակ։ Յիսուս կը բանայ իր սիրտը եւ անոնց կը յանձնէ իր կտակը։ Նոյն վերնատան մէջ կը շարունակեն հաւաքուիլ առաքեալները եւ քանի մը կիներ եւ Մարիամ՝ Յիսուսի մայրը (Գործք Ա. 13-14)։
Սրբազան Պապը յիշեց Ափարեսիտայի Փաստաթուղթի 29րդ յօդուածը՝ «Ճանչնալ Յիսուս ամենէն գեղեցիկ նուէրն է՝ որ որեւէ անձ կրնայ ստանալ. հանդիպիլ Յիսուսի՝ լաւագոյն բանն է, որ մեր կեանքին մէջ կրնայ պատահիլ, եւ ճանչցնել Յիսուս խօսքով եւ գործով՝ մեզի համար ուրախութիւն է։»

Երիտասարդներ եւ կոչում
Սրբազան Պապը ապա խօսեցաւ երիտասարդներու եւ Քոլոմպիայի այն պայմաններու մասին, որտեղէն կոչումները յառաջ պիտի գան։ Ան յիշեցուց, որ Յիսուս ճշմարիտ որթատունկն է, որտեղէն կʼընդունինք կենդանի աւիշը. մինչ Աստուած է, որ կը խնամէ որթատունկը։ Իսկ եթէ մենք կարող ենք մեր անձը ազատակամ կերպով նուիրել, այն ժամանակ պիտի պտղաբերենք։ Մեզի համար աւետիս է՝ որ Աստուած տրամադիր է մեզ մաքրելու։ Սակայն մենք պէտք է մնանք Անոր մէջ։ Մնալ Յիսուսի մէջ չի նշանակեր միայն այնտեղ կանգ առնել, այլ կը նշանակէ պահել կենդանի, էական եւ բացարձակապէս անհրաժեշտ յարաբերութիւն Անոր հետ, եւ ապրիլ ու աճիլ Յիսուսի հետ սերտ եւ բեղուն յարաբերութեան մէջ՝ որ յաւիտենական կեանքի աղբիւրն է։

Յիսուսի մարդկութիւնը

Սրբազան Հայրը ապա յորդորեց խոկալ Յիսուսի մարդկութիւնը։ Յորդորեց որդեգրել Յիսուսի հայեացքը եւ զգացումները, որ իրականութիւնը կը դիտէ ոչ իբր դատաւոր, այլ իբր բարի սամարացի. որ կը ճանչնայ իր ժողովուրդին արժէքները, վէրքերը եւ մեղքերը. որ կը յայտնաբերէ լուռ տառապանքը եւ կը յուզուի ի տես անհատներու կարիքներուն՝ մանաւանդ երբ անոնք կը գտնուին անարդարութեան, անմարդկային աղքատութեան, անտարբերութեան եւ   կաշառակերութեան ու բռնութեան արարքներու մղձաւանջի մէջ։ Պէտք է որդեգրել Յիսուսի վարմունքը եւ խօսքերը, որոնք կ՛արտայայտեն սէր մերձաւորին եւ կը փնտռեն հեռաւորները։

Յիսուսի աստուածութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց խոկալ Յիսուսի աստուածութիւնը։ Ան անհրաժեշտ նկատեց՝ աճեցնել Քրիստոսի ճանաչումը, որովհետեւ չէ կարելի սիրել այն անձը՝ որ չենք ճանչնար։ Այս ճանաչումին համար առաջնահերթ է Աստուածաշունչը, մասնաւորապէս Աւետարանները, ուր Քրիստոս կը խօսի, մեզի կը յայտնէ Հօր հանդէպ ունեցած անվերապահ սէրը, եւ մեզ կը վարակէ այն ուրախութեամբ՝ որ կը բխի Անոր կամքին հնազանդելով եւ եղբայրներու մատուցուած ծառայութեամբ։ «Ան, որ չի ճանչնար Աստուածաշունչը, չի ճանչնար Յիսուս։ Այն որ չի սիրեր Աստուածաշունչը՝ չի սիրեր Յիսուս» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Աղօթքը  կեանքի եւ առաքելութեան հիմնական մաս

Ան աղօթքը նկատեց քահանաներու եւ կրօնաւորներու կեանքին եւ առաքելութեան հիմնական մասը։ «Աղօթքը մեզ կʼազատէ աշխարհայնութեան բեռէն, մեզի վաւերական ազատութեան հրահանգումով կը սորվեցնէ ապրիլ ուրախ կերպով եւ հեռու մնալ մակերեսայնութենէ։» Աղօթքի իբր կարեւոր մաս, Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ երկրպագութիւնը։

Մնալ Քրիստոսի մէջ

Պատգամի վերջին կէտին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ պէտք է մնալ Քրիստոսի մէջ՝ կարենալ մնալու համար ուրախութեան մէջ։ Իսկ մեր վարակիչ ուրախութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ մօտիկութեան եւ սիրոյ մասին տուած մեր առաջին վկայութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ  ի մէջ այլոց ըսաւ ի մէջ այլոց ''Մետելլինը ինծի կը յիշեցնէ բազմաթիւ երիտասարդ կեանքեր որոնց կոռած են։ Ձեզմէ կը խնդրեմ ներողութիւն հայցէք անոնց համար որոնք կործանեցին այդ երիտասարդներու երազները ու Տիրոջմէ հայցէք որ դարձի բերէ անոնց սրտերը ու վերջ գտնէ այս մարդկային նահանջը''։ 

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը եզրափակեց՝ «Մեզի կը մնայ նուիրել մեր ամբողջ սէրը եւ մեր ծառայութիւնը՝ միացած Յիսուս Քրիստոսի հետ, որ մեր որթատունկն է։ Ըլլալ Քոլոմպիայի համար նոր սկիզբի մը խոստումը, որ ետին կը ձգէ հակամարտութիւններու եւ բռնութեան հեղեղը, եւ կʼուզէ տալ արդարութեան եւ խաղաղութեան, մերձեցման եւ զօրակցութեան առատ պտուղներ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.