2017-09-09 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը հայող Ծիսական Գիրքերու թարգմանութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ 9 սեպտեմբեր 2017-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետին “Magnum Principium” ինքնագիր նամակը որով Նորին Սրբութիւնը փոփոխութիւններ կը ներմուծէ Եկեղեցական Կանոնագիրքի 838 յօդուածին հայող` ծիսական գիրքերու ժամանակակից լեզուներով թարգմանութեան։

Ինքնագիր նամակին նպատակն է աւելիով  յստակացնել  կանոնը ու Առաքելական Աթոռի այս առընչութեամբ իրաւասութիւնը։

Ակնարկելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի վերոնշեալ նիւթին շուրջ քննարկուած հարցերուն Սրբազան Հօր Ինքնագիր նամակը կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը թարգմանութիւնները պատշաճեցնելու ու հաւատարիմ պահելու անոնց բնագիրներուն, ի տես վերջին շրջաններու թարգմանութիւններու գծով ծագած հարցերուն։ Ասոր համար, հարկաւոր կը նկատուի փոխադարձ վստահութեամբ` յարատեւ, ստեղծագործ ու աչալուրջ  համագործակցութիւն,  ընդմէջ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն ու Առաքելական Աթոռի Աստուածային պաշտամունքի ու Խորհուրդներու մատակարարումի  Ժողովի միջեւ, որուն իրաւասութեան տակ կը գտնուին ծիսական գիրքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.