2017-09-08 09:16:00

Փութին. «Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրը միայն ինքնապաշտպանութեան համար է»


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրը միայն ինքնապաշտպանութեան համար է` նշելով.«Հիւսիսային քորէական տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու կարելիութիւններ գոյութիւն ունին, եւ այդ է, որ պէտք է տեղի ունենայ»:

«Մենք ամերիկեան վարչակազմին մօտ քորէական թերակղզիին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու փափաք կը նկատենք», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան վարչակազմը Հիւսիսային Քորէայի տագնապի նկատմամբ ողջախոհութիւն կը ցուցաբերէ:

Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ պաշտպանութեան նախարարներու ոչ պաշտօնական նիստի սկիզբէն առաջ յայտարարեց.«Մենք Հիւսիսային Քորէային կոչ ուղղած ենք` ամբողջութեամբ կատարելու ՄԱԿ-ի բոլոր բանաձեւերը, հրաժարելու հիւլէական ու հրթիռային ծրագիրէն, ձեռնպահ մնալու հետագայ փորձարկումներէն, ներգրաւուելու կառուցողական երկխօսութեան մէջ»:

«Միջազգային ընտանիքին բոլոր անդամները պարտաւոր են ամբողջութեամբ կատարել Հիւսիսային Քորէայի դէմ ՄԱԿ-ի սահմանած պատժամիջոցները», ընդգծեց ան:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է Հիւսիսային Քորէայի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրել` վերջինիս կատարած հիւլէական եւ հրթիռային փորձարկումներուն պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.