2017-09-08 18:05:00

Ս. Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Վիլլավիչենցիոյի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուածածին Կոյս, քու ծնունդդ նոր արեւածագն է, որ ամբողջ աշխարհի աւետեց ուրախութիւն, որովհետեւ քեզմէ ծնաւ արդարութեան արեգակը, Քրիստոս՝ մեր Աստուածը։» Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր քարոզը, սեպտեմբեր 8ին, Աստուածածնի ծննդեան տօնին, Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Վիլլավիչենցիոյի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Մարիամ առաջին ցոլքն է, որ կ՛աւետէ գիշերուան վերջը։ Անոր ծնունդը մեզի կռահել կու տայ այն սիրալիր, քնքուշ եւ կարեկից սէրը, որով Աստուած մեզի կը խոնարհի եւ մեզ կը կոչէ, որ Իր հետ հրաշալի եւ անխորտակելի դաշինքով մը կապուինք - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու անդրադարձաւ օրուան Սուրբ Աւետարանի հատուածին, ուր Մատթէոս Աւետարանիչ մեզի կը հաղորդէ Յիսուսի ազգաբանութիւնը (Մտթ Ա. 1-17)։

Այդ հատուածը պարզապէս ցանկ մը չէ, այլ կենդանի պատմութիւն, ժողովուրդի մը պատմութիւնը, որուն հետ Աստուած քալած է, ըլլալով մեզմէ մէկը, եւ մեզի աւետած է, թէ Իր արեան հետ կը հոսի արդարներու եւ մեղաւորներու պատմութիւնը, եւ թէ մեր փրկութիւնը ամուլ փրկութիւն մը չէ, այլ շօշափելի եւ իրական։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ այդ ցանկին մէջ նաեւ կիներու յիշատակումը մեզի տարբեր մօտեցում մը կը թելադրէ։ Ընկերութեան մը մէջ, ուր այր մարդու գերիշխանութիւնը կը տիրէ, լաւ է որ Աւետարանը կը սկսի յիշատակելով կիներ, որոնք գործունեայ մասնակցութիւն բերած են պատմութեան մէջ։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Յովսէփի կերպարին, որակելով զայն յարգալիր եւ հեզ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղելով խօսքը Քոլոմպիայի ժողովուրդին, ըսաւ. ''հաշտութիւնը վերացական բառ մը չէ այլ կը նշանակէ դուռը բանալ այն բոլոր անհատներուն դիմաց որոնք ապրեցան հակամարտութեան ողբերգական իրականութիւնը''։ 

''Երբ զոհերը կարողանան յաղթահարել ոխի փորձութիւնը անոնք կը դառնան խաղաղութեան կառուցման գործընթացքին` հաւատալի դերակատարներ։ Ասոր համար հարկաւոր է այդ ուղղութեամբ կատարել առաջին քայլը, առանց սպասելու որ ուրիշներ կատարեն զայն'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով ապա թէ հաշտութիւնը կ՛իրականանայ եւ կ՛ամրապնդուի բոլորին սատարով ու թոյլ կու տայ կառուցել ապագան ու աճեցնել յոյսը։

''Ամէն մէկ խաղաղութեան ջանք` առանց հաշտութեան անկեղծ յանձնառումի մը, կը դառնայ ձախողութիւն'' յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով պատարագի ընթացքին հռչակուած երկու երանելիներուն, որոնք ըսաւ Ան­, նշանն են Յիսուսին խոստումին եւ արտայայտութիւն ժողովուրդի մը որ կ՛ուզէ դուրս գալ բռնութեան եւ ատելութեան  ճահիճէն։

Քահանայապետը ապա յորդորեց, արտասանել «այո»ն՝ ճշմարտութեան եւ հաշտութեան, ինչպէս Աստուածածինի «այո»ն ու փառաբանել Տէրը որպէսզի իր խոստումին համաձայն օգնէ ամէն մէկ ժողովուրդ, օգնէ Քոլոմպիային որ այսօր կ՛ուզէ հաշտուիլ ու օգնէ անոր սերունդին առ յաւէտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.