2017-09-08 00:01:00

''Խաղաղութեան կառուցողներ կեանք խթանողներ'' Սրբազան Քահանայապետին քարոզը Պոկոթայի մէջ ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 7 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանի օրակարգը եզրափակեց Պոկոթայի ''Սիմոն Պոլիվար'' այգիին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որ նուիրուած էր խաղաղութեան եւ արդարութեան։

Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ արտասանած քարոզը կեդրոնացուց այցելութեան առաջին օրուան կեդրոնական նիւթին վրայ որ է  ''Խաղաղութեան կառուցողներ, կեանք խթանողներ''։

Աւետարանիչը մեզ կը յիշեցնէ  թէ առաջին առաքեալներու կոչումը տեղի ունեցաւ Գեննեսարէթի ծովակին եզերքին վրայ - ըսաւ Քահանայապետը - , այնտեղ ուր ժողովուրդը հաւաքուած էր  ունկնդրելու համար ձայն մը որ կարող էր լուսաւորել եւ ուղղել, ու նաեւ վայրը` ուր ձկնորսները իրենց ուռկանները կը լուային աշխատանքի յոգնեցուցիչ օրը  ամփոփելով։

Ղուկասի աւետարանին մէջ այս միակ անգամն է ուր Յիսուս կը քարոզէ Գալիլեայի ծովակին մօտ։ Ամէնքը եկած են ունկնդրելու Անոր խօսքերը որովհետեւ Յիսուսին խօսքը ունի յատկանշական բան մը որ ոչ մէկը անտարբեր կը թողու, Անոր խօսքը ունի իշխանութիւնը սրտերը դարձի բերելու եւ փոխելու ծրագիրներ։ Խօսք մըն է որ դրոշմը կը գտնէ գործին մէջ - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Պոկոթային ու Քոլոմպիային ուր կան 

''մարդկային տեսարաններ որոնք նկարագրուած են Աւետարանին մէջ''։ Այստեղ, ըսաւ Ան, կան ամբոխներ որոնք կը ձգտին կեանքի խօսքին որ իր լոյսով լուաւորէ ջանքերը ու ցոյց տայ մարդկային գոյութեան գեղեցկութիւնն ու իմաստը։ 

Սակայն, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, գեղեցկութեան դիմաց կայ նաեւ խաւար մը որ կը սպառնայ կեանքին, անարդարութեան եւ ընկերային անհաւասարութեան խաւարը, կաշառակերութեան եւ անձնական կամ խմբային շահերու ու եսասիրութեան խաւարը, մարդկային կեանքը արհամարհող խաւարը ու խաւարը ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան, ինչպէս նաեւ խաւարը բոլոր անոնց որոնք անտարբեր են բազմաթիւ զոհերու ցաւերուն դիմաց։ Բոլոր այս խաւարները  կը փարատին եւ կը խորտակուին երբ Յիսուս Պետրոսին կը հրամայէ ''առաջացիր դէպի բացերը'' (Ղուկ 5,4)։

Մենք կարող ենք անհամար վիճաբանութիւններու մէջ մտնել եւ ապարդիւն ջանքերու հաշուարկը ներկայացնել ապա Պետրոսի նման հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ առանց արդիւնքի գործ մը կատարելու փորձառութիւնը։

Այս Երկիրը եւս կը ճանչնայ այս իրականութիւնը երբ 6 տարիներու ընթացքին ունեցաւ 16 նախագահներ ու ծանրօրէն վճարեց բաժանումներու գինը։ Քոլոմպիայի Եկեղեցին եւս ապրեցաւ հովուական յանձնառումի ապարդիւն եւ անպտուղ փորձառութիւնը սակայն Պետրոսի նման, բոլորս ալ կարող ենք վստահիլ Վարդապետին, որուն խօսքը կը ներշնչէ  պտղաբերութիւն նոյնիսկ այնտեղ ուր մարդկային խաւարի անհանդուրժողութիւնը անպտուղ կը դարձնէ ջանքեր եւ յոգնութիւն։

Պետրոս արդարեւ այն մարդն է որ վճռակամ կ՛ընդունի Յիսուսին հրաւէրը, ան ամէն ինչ կը թողու ու կը հետեւ Յիսուսին, դառնալու համար նոր ձկնորս մը, որուն առաքելութիւնն է իր եղբայրները առաջնորդել դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնը` այնտեղ ուր կեանքը կը դառնայ լիակատար։

Ուռկանները նետելու հրահանգը չէ տրուած միայն Պետրոսին։ Ուռկանները նետելը պատասխանատուութիւն կը պահանջէ այնպէս ինչպէս պատահեցաւ ձեր Հայրենիքին մէջ անոնց որոնք եղան առաջինները որ հասկցան իրավիճակը ու դիմեցին խաղաղութեան ու կեանքի ի նպաստ ձեռնարկներու։ Պոկոթայի ու համայն Քոլոմպիայի մէջ կայ հասարակութիւն մը ուղեւորութեան մէջ որ կանչուած է դառնալու ամուր ցանց մը որ բոլորը համախմբէ միութեան մէջ, գործակցելով մարդկային կեանքի խնամակալութեան ու անոր պաշտպանութեան ի խնդիր, յատկապէս երբ ան դիւրաբեկ ու տկար է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով ''Պոկոթայի եւ Քոլոմպիայի մէջ ապրող ամբոխը եւս կարող է դառնալ իսկական հասարակութիւն մը, արդար եւ եղբայրական, եթէ ունկնդրէ եւ ընդունի Աստուծոյ Խօսքը''։

Պոկոթան եւ Քոլոմպիան քաղաք ու երկիր են որտեղէն Յիսուս անցաւ ու կ՛անցնի տակաւին իր ներկայութիւնը պարգեւելու համար ու մեզ դուրս հանելու խաւարէն մեզ առաջնորդելով լոյսին եւ կեանքին - յարեց Սրբազան Քահանայապետը Քարոզի աւարտին դիտել տալով թէ ''Յիսուս  բոլորս կը հրաւիրէ առաջանալու դէպի բացերը ու կը մղէ մեզ բաժնեկցելու այն արկածախնդրութիւնը  մէկդի դնելու մեր եսասիրութիւնը ապա հետւելու Իրեն, հրաժարելով այն մտավախութիւններէն որոնք Աստուծմէ չեն բխիր եւ որոնք մեզ անշարժութեան կը մատնեն ու արգելք կը հանդիսանան այն հրատապ իրողութեան ըլլալու խաղաղութեան կառուցողներ ու կեանքի խթանողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.