2017-09-08 08:55:00

Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնը:


Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, Արցախի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ նիստ՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնումին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Նախագահի երդման համար Ազգային ժողովի դահլիճ բերուած էր Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17րդ դարու Աւետարան մը:

Արցախի նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար երդման իր խօսքին մէջ, Բակօ Սահակեան ըսաւ. «Ստանձնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ կ՛երդնում անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդի»:

Երդմնակալութեան արարողութեան օրհնութեան կարգը կատարեց Արցախի Հայոց թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան։

Երդման հանդիսաւոր խօսքէն ետք, Բ. Սահակեան Խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն ընթացքին յատկապէս ըսաւ, որ Յուլիս 19ին Ազգային ժողովին կողմէ հրաւիրուած յատուկ նիստին ընթացքին ինք ելոյթ ունեցած էր՝ իբրեւ նախագահի թեկնածու եւ ներկայացուցած էր իր եւ իր թեկնածութիւնը պաշտպանած քաղաքական ուժերուն տեսակէտները եւ մօտեցումները՝ Արցախի անվտանգութեան ապահովման, քաղաքացիներու բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման ուղղութեամբ:

«Այդ ելոյթին մէջ մանրամասն անդրադարձած եմ բանակաշինութեան, մեր զինուած ուժերու մարտական ոգիի եւ պատրաստուածութեան հետեւողական բարձրացման, զինծառայողներու հասարակական հարցերու լուծման: Յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած եմ ժողովրդավարական գործընթացներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած մեր կողմէ ապագային իրականացուելիք աշխատանքները: Մատնանշած եմ այն աշխատանքները, որոնք մենք ձեզի հետ միասին պէտք է իրականացնենք տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ՝ ուժանիւթի, հանքաարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ քաղաքաշինութեան ոլորտներուն մէջ: Ներկայացուցած եմ, թէ ապագային ինչպիսին պիտի ըլլայ պետութեան քաղաքականութիւնը: Առանձնայատուկ կերպով նշած եմ մեր երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կրթական համակարգի, մշակութային ոլորտի, զբօսաշրջութեան, մարմնակրթութեան, ժամանակակից արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ հասարակական կեանքի ձեւաւորման ուղղուած ձեռնարկուելիք քայլերը: Այսօր, ձեր ներկայութեան ես կ՛ուզեմ յայտնել, որ մենք ձեզի հետ միասին ունակ ենք գիտակցուած, հետեւողական աշխատանքներ իրականացնելու՝ նշուած ծրագիրները եւ առաջադրանքները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ», ըսաւ Բակօ Սահակեան:

Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ Արցախի նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը իւրատեսակ ամփոփումն է այն գործընթացներուն, որոնք սկիզբ առած են Արցախի նոր Սահմանադրութեան ընդունումով:

«Այսօրուան հանդիսաւոր այս ձեռնարկով նոյն ատեն մեր երկրին մէջ կը տրուի քաղաքական նոր փուլի մեկնարկը, որուն գլխաւոր նպատակը պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է՝ գոյութիւն ունեցող իրողութիւններու հաշուարկումով», ըսաւ Ա. Ղուլեան:

Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ներկայ եղած են Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամներ, պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Արցախեան շարժման մասնակիցներ եւ հանրային գործիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.