2017-09-08 12:14:00

''Ամէնքս ալ անկատար ենք'' ըսաւ Քահանայապետը հանդիպելով անկար մանուկներու։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հինգշաբթի 7 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պոկոթայի առաքելական նուիրակութեան պալատի դիմաց հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած խումբ մը անկարներու հետ ու անոնց ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայացուցած երգերուն ու պարերուն համար ապա հրաւիրեց Մարիա անունով աղջնակ մը որ խօսք մը արտասանած էր Սրբազան Պապին կրկնելու այդ խօսքերէն մէկ կարեւոր նախադասութիւնը. ''Կ՛ուզենք աշխարհ մը ուր անկատարութիւնը ճանչցուած ըլլայ որպէս մարդկայնութեան հիմնական մաս։ Որ փոխանակ մեզ տկարացնելու, մեզի տայ ուժ եւ արժանապատուութիւն։ Վայր մը ուր միասնական հանդիպումը մեզ դարձնէ աւելի մարդկային''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ ամէնքս ալ անկատար ենք ներքնապէս, զգացումներու մէջ եւ թէ ամէնքս կարիքը ունինք որ այդ թերութիւնը յարգուի, ու կարելիութեան չափ դարմանուի, ապա պտուղ տայ ուրիշներուն համար։ ''Ամէնքս ալ թերութիւններ ունինք Սիրելի Մարիա'', ըսաւ Քահանայապետը, ոմանցը երեւելի է, ուրիշներունը թագուն, ապա հարց տուաւ ''Ո՞վ է միակ անթերի մարդը'' ու Մարիան պատասխանեց. ''Աստուած''։ Քահանայապետը առ այդ ըսաւ. ''Աստուած միակ կատարեալ մարդն  է, մինչ ուրիշ որեւէ մէկ բան անկատար է եւ ասոր համար կարելի չէ ու պէտք չէ անտեսել եւ ոչ մէկը` որովհետեւ իւրաքանչիւրը գանձ մըն է որ կը նուիրուի Աստուծոյ''։

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տուած վկայութեան, նախ քան առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը, հրաւիրեց միասին աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը եւ խնդրեց որ աղօթեն նաեւ իրեն համար որովհետեւ, ըսաւ Ան, ես ալ թերութիւններ ունիմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.