2017-09-07 19:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 7ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պոկոթայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներուն հետ եւ անոնց ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Քոլոմպիան կարիքն ունի անոնց եպիսկոպոսական ուշադրութեան,  որ քաջութիւն ներշնչէ կատարելու առաջին քայլը՝ դէպի վերջնական խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բռնութեան մերժում եւ գերազանցում անհաւասարութեան, որ շատ մը տառապանքներու արմատն է։

Սրբազան Հայրը քանի մը կէտերու մէջ բացայայտեց իր պատգամը, նկատելով, թէ Քոլոմպիան ունի ինքնատիպ բան մը, նկատի առնելով անոր մարդկային հարստութիւնը եւ անընկճելի քաջութիւնը՝ որ կը դիմադրէ մահուան։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցնելով երանելի Պօղոս Զ. Եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետներուն դէպի Քոլոմպիա կատարած այցելութիւնները, անդրադարձաւ հովուական ճամբորդութեան բնաբանին՝ «կատարել առաջին քայլը»։ Այս իմաստով, ան յորդորեց, որ եպիսկոպոսները, միացած Քրիստոսի հետ աղօթքով եւ ակնարկը սեւեռած Անոր վրայ, շարունակեն իրենց ճանապարհը՝ մինչեւ կատարում։

Սրբազան Հայրը կարեւոր նկատեց, որ Քոլոմպիայի մէջ պահուի իւրայատկութիւններու եզականութիւնը։ Ան գիտակից է, թէ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսները պէտք է առաջիններն ըլլան իրենց երկրին եւ ժողովուրդին վէրքերը շօշափելու։

Եպիսկոպոսները «հովիւներ են, եւ ոչ թէ քաղաքագէտներ» նկատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ Ասոր համար անոնք պէտք է «ազատութեամբ» քարոզեն հաշտութեան եւ ողորմածութեան Խօսքը։

«Քոլոմպիան իրաւունքն ունի հրապուրուելու Աստուծոյ ճշմարտութենէն, որ յարատեւօրէն կը կրկնէ՝ ''Ու՞ր է եղբայրդ''։ Այս հարցադրումին դիմաց կարելի չէ լռել։ Ան, որ կը լսէ այս հարցումը, չի կրնար ուրիշ բան ընել՝ եթէ ոչ խոնարհեցնել հայեացքը, եւ թոթովանքով ընդունիլ ամօթը՝ թէ վաճառած է իր եղբայրը։»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ անդրադարձաւ ապա Քոլոմպիայի ընտանիքներուն դժուարին վիճակին, կեանքը պաշտպանելու դժուարութեան, եւ բռնութեան ու ալքոլամոլութեան համաճարակին, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող այլ խնդիրներու։ Ան նկատեց, թէ չէր ուզեր «պարտականութիւններու ցանկ մը» թողուլ եպիսկոպոսներուն, այլ յորդորեց, որ իրենց ուշադրութեան առարկան միշտ ըլլայ «մարդը»։

Վերջապէս, Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ Քոլոմպիան Ամազոնի մէկ թեւն թէ, որ չէ կարելի անդամահատել առանց հաշմելու Ամազոնի հոգին ու դիմագիծը ապա  Քոլոմպիան յանձնեց Քոլոմպիայի պաշտպան` Չիքինքիրայի Վարդարանի Աստուածամօր հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.