2017-09-07 09:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Պոկոթայի մէջ – Երկրորդ օրուան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 7 սեպտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ տեղական ժամով 9-ին (Իտալիոյ ժամով 16-ին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահական պալատին տուած պաշտօնական այցելութեամբ, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը   Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով  կ՛ուղղուի  Պոկոթայի ''Պոլիվար'' հրապարակ ուր հրապարակի շրջանը կատարելէն ետք կանգ կ՛առնէ Պոկոթայի Քաղաքապետարանի մուտքին Քաղաքապետի ձեռքէն ստանալով քաղաքին բանալիները ու Քաղաքապետարանի մի քանի անձնաւորութիւններ ողջունելէ ետք հետիոտն կ՛ուղղուի Պոկոթայի Անարատ Յղութեան նուիրուած Աթոռանիստ Եկեղեցի, որ կառուցուած է խրճիթէ շինուած Քոլոմպիայի առաջին եկեղեցւոյ աւերակներուն վրայ։

Պոկոթայի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ այցելութիւն

Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Պոկոթայի առաջնորդի կողմէ, որուն հետ միասին Սրբազան Պապը մուտք կը գործէ Պազիլիքա կանգ առնելով ''Քիքինքիրայի'' Տիրամօր Սրբապատկերին առջեւ ու պահ մը ամփոփումէ ետք այնտեղ կը զետեղէ այս առթիւ Տիրամօր բերած նուէրը` Վարդարան մը։

Հանդիպում Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներուն հետ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը ստորագրէ Պազիլիքայի ոսկեմատեանը եւ կ՛ուղղուի քովնտի Կարդինալական Պալատ  ուր կ՛ողջունէ առաքելական ճամբորդութիւնը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները ապա կարդինալական Պալատի պատշգամէն սրտի խօսքը կ՛ուղղէ պալատի հրապարակին վրայ համախմբուած 22 հազարէ աւելի երիտասարդներուն եւ իր օրհնութիւնը կը շնորհէ անոնց ու Կարդինալական պալատին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Քոլոմպիայի 130 Եպիսկոպոսներուն հետ։

Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնի խօսք կ՛ուղղեն Պոկոթայի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ռուպէս Սալազար Կոմէսը եւ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` Գերապայծառ Օսքար Ուրպինա Օրթեկան` Վիլլավինչենցիոյի Արքեպիսկոպոսը, որոնցմէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եպիսկոպոսներուն կը փոխանցէ իր սրտի պատգամը որուն աւարտին հրաժեշտ առնելով անոնցմէ կ՛ուղղուի Առաքելական Պալատ ուր տեղական ժամով 15-ին (Հռոմի ժամով 22-ին) հանդիպում կ՛ունենայ Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի 62 անդամներուն հետ։

Հանդիպում Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի կոմիտէի անդամներուն հետ

Այս հանդիպման առթիւ եւս Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք կ՛ուղղուի Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Կոմեսի կողմէ որմէ ետք խօսք կ՛առնէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր  պատգամը փոխանցելով ներկաներուն։

Եպիսկոպոսներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Սիմոն Պոլիվար Այգի, այն վայրը ուր`  1986-ի Յուլիս երկուքին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, պատարագ մատուցած էր։ 

Սիմոն Պոլիվար այգիին մէջ Սուրբ Պատարագ

Այգի ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական ինքնաշարժով շրջան կ՛ընէ այգիի տարածքին, ողջունելով այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները, ապա տեղական ժամով 16,30-ին (Հռոմի ժամով 23,30-ին) Սիմոն Պոլիվար Այգիի տարածքին Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ Խաղաղութեան եւ արդարութեան նուիրուած Սուրբ պատարագի արարողութիւնը  որուն առթիւ կ՛արտասանէ նաեւ  յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սրբազան արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը վերադառնայ Առաքելական Պատուիրակութեան պալատ, ուր երեկոյեան կը հանդիպի պալատին շուրջ հաւաքուած մանուկներուն, տարեցներուն եւ անկարներուն հետ անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.