2017-09-07 18:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Երիտասարդներ դուք Քոլոմպիայի եւ Եկեղեցւոյ ապագան էք։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հինգշաբթի 7 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան (Իտալիոյ ժամով 17.50)՝ Պոկոթայի Կարդինալական Պալատին պատշգամէն ողջունեց ապա օրհնեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները որոնց շարքին կային բազմաթիւ երիտասարդներ։ ։

Այս առթիւ ուղղած Իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար մէջբերելով Ղուկաս աւետարանէն Յիսուսին խօսքերը ''Որեւիցէ տուն որ մտնէք, նախ ըսէք ''Խաղաղութիւն այս տունին''։ Եթէ խաղաղութեան մարդ կայ այնտեղ, ձեր ողջոյնը պիտի երթայ եւ հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ` պիտի դառնայ ձեզի'' (Ղուկ 10, 5-6)։

Այսօր կը մտնեմ այս տան մէջ որ է Քոլոմպիան, ձեզի ըսելով ''Խաղաղութիւնը ձեր հետ''։  Ուզեցի այստեղ գալ որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի ուխտաւոր եւ կը փափաքիմ այս հանդիպումի պահերը ձեր հետ ապրիլ ուրախութեամբ ու գոհութիւն մատուցելով Աստուծոյ այս Ազգին պարգեւած բարիքներուն համար։

''Եկած եմ սորվելու. Սորվելու ձեր հաւատքէն ու ձեր դժուարութիւններուն դիմաց արիութենէն։ Դուք ապրեցաք դժուար ու խաւար պահեր սակայն Տէրը ձեզի մօտ է։ Ան բոլորը կ՛ողջագուրէ եւ բոլորս ալ կարեւոր ենք Իրեն համար... եւ այս օրերուն ձեր հետ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ամենակարեւոր ճշմարտութիւնը այն է` թէ Աստուած ձեզ կը սիրէ Հայրական սիրով ու ձեզ կը քաջալերէ շարունակելու որոնել եւ փափաքիլ խաղաղութիւնը, ճշմարիտ ու կայուն խաղաղութիւնը'' ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց ներկայ գտնուող երիտասարդներուն որոնք ժամանած են երկրին տարբեր վայրերէն ու յորդորեց միշտ ողջ պահել ուրախութիւնը, խրախուսելով որ թոյլ չտան որ իրենցմէ խլեն զայն, ապա հաստատեց թէ Քրիստոսի սիրոյ հուրը կարող է այդ ուրախութեամբ հրկիզել ամբողջ աշխարհը։

''Մի վախնաք ապագայէն։ Յանդգնութիւնը  ունեցէք երազել մեծ իրողութիւններ'' հրաւէր ուղղեց ապա Նորին Սրբութիւնը  խրատելով զանոնք դիմելու նաեւ ''կամաւորական'' գործունէութեան օգնութեան հասնելու համար ուրիշներուն։

Քահանայապետը ապա ընդգծեց երիտասարդներու հասկացողութեան կարողութիւնը ու նաեւ անոնց հանդիպումի  կարողութիւնը որով անոնք կարող են երաշխաւորել  ''հանդիպումի մշակոյթը'', ապա մատնանշեց երիտասարդներու ներելու կարողութեան։ ''Ներել անոնց որոնք մեզ վիրաւորեցին, ըսաւ Քահանայապետը, յաղթահարելով ատելութեան խոչընդոտները, ապա դարմանել սրտերը, յոյս ներշնչելով ու առիթ ընծայելով երկրորդ հնարաւորութեան մը''։

''Այսօր ձեր հետ ուզեցի ապրիլ այս պահը որովհետեւ վստահ եմ թէ ձեր մէջ կայ հնարաւոր կարողականութիւնը կառուցելու համար այն երկիրը որ միշտ երազեցինք։ Երիտասարդները Քոլոմպիային եւ Եկեղեցւոյ յոյսն են, անոնց ուղեւորութեան մէջ է որ ի յայտ կու գայ Խաղաղութեան Պատգամաւորի ընթացքը, Անոր որ մեզի կը բերէ բարի լուրեր'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  ու խօսքին աւարտին խրախուսեց բոլոր ներկաները չի վհատելու դժուարութիւններու դիմաց, չի զիջելու բռնութեան ու թոյլ չտալու որ չարը յաղթահարէ։

''Ձեզ կը հրաւիրեմ յանձնառու ի սպաս ըլլալ ընկերութեան բարենորոգումին գործընթացին, որպէսզի դառնայ արդար, կայուն ու պտղաբեր։ Վստահեցէք Տիրոջ` միակը որ կարող է մեզի թիկունք կանգնիլ ու քաջալերել որպէսզի սատարենք հաշտութեան եւ խաղաղութեան'' յարեց ապա Սրբազան Պապը բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ  խնդրելով որ չմոռնան աղօթել Իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.