2017-09-06 11:12:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ դէպի Քոլոմպիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 6 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան 11-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը  փոխադրող ''Ալիթալիա'' ընկերութեան օդանաւը թռիչք առաւ ուղղուելով դէպի առաքելական միջազգային 20-րդ ճամբորդութեան  վայր` Քոլոմպիա։

Նախ քան Վատիկանէն  հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, Տոմուս Սանթա Մարթային մէջ, առիթը ունեցաւ հանդիպելու երկու ընտանիքներու անդամներուն, որոնց տուները բռնկուեցան Հռոմի մէջ ամարային շրջանին տեղի ունեցող հրդեհներու պատճառաւ։

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը Պոկոթա կը ժամանէ տեղական ժամով 16,30-ին որ կը համապատասխանէ Հռոմի ժամը 23,30-ին։

Նորին Սրբութիւնը փոխադրող օդանաւը պիտի սաւառնի հետեւեալ երկիրներու օդային տարածքներու վրայէն, Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Փորթուկալ, ԱՄՆ­,­ Հոլանտական Անթիլներ, Վենեզուելլա եւ ապա Քոլոմպիա։

Աւանդութեան համաձայն Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրներ կ՛ուղղէ վերոնշեալ երկիրներու նախագահներուն­ անոնց ուղղելով բարի մաղթանքներ ու այդ երկիրներու բնակիչներուն համար հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.