2017-09-06 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Քոլոմպիայի ճամբորդութիւնը կը յանձնէ Աստուածամօր հովանիին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 5 սեպտեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ` Տիրամօր նուիրուած Պազիլիքան, ինչպէս սովոր է կատարել ամէն մէկ  առաքելական միջազգային ճամբորդութենէ առաջ ու վերջ, այդ ճամբորդութիւնը յանձնելու համար Աստուածամօր հովանիին։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմի աւագ տաճարի ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի -  Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Աստուածամօր նուիրուած մատրան  մարեմեան սրբապատկերին առջեւ պահ մը ամփոփուելէ ետք անոր ոտքին զետեղեց ծաղկեփունջ մը ապա վերադարձաւ վատիկան։

Յայտնենք թէ 5 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայէն դուրս գալով ողջունեց հրապարակին վրայ համախմբուած Իտալիոյ Քիավարի թեմէն երիտասարդներ, որոնք իրենց Եպիսկոպոսին հետ միասին ուխտագնացութեամբ եկած էին Վատիկան։ Երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ ընկալեցին Նորին Սրբութեան իրենց կատարած այս անակնկալը, անոր մատուցելով երգեր, նկարուելով ու ձեռնուելով անոր հետ։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը անոնց յայտնեց թէ իրեն համար մեծ հաճոյք է հանդիպիլ երիտասարդներուն հետ եւ թէ ասոր համար է որ ուզեց այս անակնկալը կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.