2017-09-06 08:27:00

Ուաշինկթըն կը փորձէ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ռումբի փորձին պատասխան գտնել


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունը Հիւսիսային Քորէան զգուշացուց, որ Ուաշինկթըն պիտի չտատամսի օգտագործելէ իր ամբողջ կարելիութիւնները, ներառեալ՝ հիւլէական զէնքը, եթէ Քիմ Եոնկ Ունի վարչակարգը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն դէմ իր սպառնալիքները:

«Հիւսիսային Քորէայի Կիրակի օր կատարած գրգռիչ հիւլէական փորձէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի հետ, քննարկելով Փիոնկիանկի այն յայտարարութիւնը, թէ փորձարկուածը ջրածնային ռումբ մըն է, որ կարելի է արձակել հեռահաս հրթիռներով», նշուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:

«Նախագահ Թրամփ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը՝ դիւանագիտական, աւանդական ու հիւլէական բոլոր միջոցներով մեր երկիրն ու հողերը, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցները պաշտպանելու», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիս, անդրադառնալով Քորէական թերակղզիին մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ յայտարարեց, որ իր երկիրը չի ձգտիր ամբողջութեամբ բնաջնջել Հիւսիսային Քորէան, հակառակ անոր որ այդ կարողութիւնը ունի՛: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Սպիտակ տան մէջ նախագահ Թրամփի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք։

Փենթակոնի ղեկավարը աւելցուց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է ռազմական միջոցներով պատասխանելու Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն ուղղուած սպառնալիքներուն:

«Միացեալ Նահանգներուն, անոր տարածքներուն, ներառեալ՝ Կուամի, ինչպէս նաեւ անոր դաշնակիցներուն ուղղուած որեւէ սպառնալիք՝ զինուորական հզօր պատասխան պիտի ստանայ», ազդարարեց Մեթիս:

Թրամփ նաեւ սպառնաց առեւտրական քայլերով հակադարձել՝ պնդելով, որ Ուաշինկթըն կրնայ կասեցնել առեւտուրը այն երկիրներուն հետ, որոնք տնտեսական կապեր ունին Հիւսիսային Քորէայի հետ։

Նշենք, որ Հիւսիսային Քորէան Կիրակի օր կատարեց ջրածնային ռումբի յաջող փորձարկում մը: Ռումբը նախատեսուած է միջցամաքային հրթիռներու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.