2017-09-05 09:52:00

Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի “ՈՎԱՍԻՍ” ամառնային ծրագիրը կը թեւակոխէ 20-րդ տարին։


Անցեալ  25 Օգոստոս 2017-ին. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը Արուեստից Վարժարանի “Ովասիս” ամառնային ծրագրին, որ 19-րդ տարին ըլլալով արձակուրդի գեղեցիկ օրեր պարգեւեց մասնակիցներուն:

Այս տարուան “Ովասիս”ը բացուեցաւ 5 Յուլիսին: Ծրագիրը իրականացուց երիտասարդ եւ աշխոյժ անձնակազմ մը, մօտ 45 անդամներով, գլխաւորութեամբ տիկին Գարոլին Փուշեան Թերզեանի: Ամբողջ 8 շաբաթներ, 3-էն 13 տարեկան մանուկներ եւ պարման-պարմանուհիներ հետեւեցան  բազմակողմանի ծրագրի մը, որ ընդգրկեց ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, ֆիլմի ցուցադրութիւն, զանազան մարզաձեւեր (ֆութպոլ, պասքէթպոլ, մարտարուեստ եւ հեծանիւ), թատրոն, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, համակարգիչի ուսուցում, խոհանոցի գիտելիքներ եւ կրօնագիտութիւն: Առաւել խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցան շաբաթավերջի պտոյտները դէպի լողաւազաններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր, անմոռանալի յուշեր դրոշմելով մասնակիցներու հոգիներուն մէջ: Նախքան այդ, գործադրուած էր “Փոքրիկ Ովասիս”ը՝ 12-30 Յունիսին, առաւելագոյնս օգտուելու համար արձակուրդային օրերէն:

“Ովասիս”ի փակման հանդիսութիւնը հարազատ արտայայտութիւնը եղաւ իրագործուած ծրագրին եւ մասնակիցներու տրամադրութիւններուն: Ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ ներկայութեան, 2017-ի Ովասիսականները ներկայացուցին գեղարուեստական բազմագոյն յայտագիր մը՝ հայկական եւ միջազգային պարեր, խմբերգներ, թատերական պատկերներ եւ մարզական ցուցադրութիւններ, վերապրելով այն ամբողջ ուրախութիւնը, զոր ունեցած էին ծրագրի ընթացքին: Հանդիսավարն էր պարոն Վարդան Ազնաւուրեան:

Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ տիկին Գարոլին Թերզեան գոհնուակութիւն արտայայտեց այն մասին, որ կարելի եղաւ լիուլի առաջադրուած ծրագիրը: Այսպիով 19 տարիներու ընթացքին “Ովասիս”ը ունեցաւ աւելի քան 3700 մասնակիցներ՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներ եւ պատանիներ, անոնց համար ապահովելով ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր:

Հանդիսութեան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ իրագործուած յաջողութիւնը արդիւնք էր լուրջ, բծախնդիր եւ լաւապէս կազմակերպուած աշխատանքի, որուն համար ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց “Ովասիս”ի անձնակազմի անդամներուն:

Պարոն Գալուստ դիտել տուաւ, որ 2018-ին պիտի նշուի “Ովասիս”ի 20-ամեակը, ինչ որ վստահաբար առիթ պիտի ըլլայ իւրայատուկ բնոյթ մը հաղորդելու եկող տարուան ծրագրին: Ան վստահեցուց, որ “Ովասիս”ը միշտ պիտի մնայ հայաշունչ միջավայր մը հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար, եւ միշտ պիտի գործէ այնպէս, որ ամառնային արձակուրդները անմոռանալի յիշողութիւններ պարգեւեն անոնց:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.