2017-09-05 08:23:00

Կաթողիկէ Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւն. Ժողով Լերոսի մէջ:


(Ռատիօ Վատիկան) 5-9 սեպտեմբեր 2017-ին Յունաստանի Լերոս քաղաքին կը գումարուի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբը համադրող Կոմիտէին ժողովը ։

Ժողովականները հիւրը կը հանդիսանան օրթոտոքս Փայզիոս Մետրոպոլիտին` Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութենէն։

Աշխատանքային նիստերը կը նախագահեն Կարդինալ Քիւրդ Քոխը` Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ եւ Տիեզերական Պատրիարքութենէն`  Թելմեսոս Եոպ Արքեպիսկոպոսը։

Վերոնշեալ կոմիտէն ժողովի ընթացքին կը քննարկէ  կաթողիկէ օրթոտոքս աստուածաբանական երկխօսութեան յառաջիկայ քալերը` հիմնուելով յատկապէս անցեալ տարուայ սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին Իտալիոյ Քիեթի քաղաքին մէջ լոյս տեսած  ''Առաջին դարաշրջանի մէջ Սիւնհդոսականութիւն եւ առաջնութիւն. Եկեղեցւոյ միութեան ի սպաս ծառայութեան ծիրէն ներս` դէպի միասնական հասկացողութիւն'' փաստաթուղթին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.