2017-09-04 15:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ՇԱԼՈՄ հասարակութեան հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 4 սեպտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւնը շնորհեց 35 տարիներ առաջ հիմնուած ''ՇԱԼՈՄ'' հասարակութեան անդամներուն ու այս առթիւ  անոնց ուղղեց սրտաբուխ ճառ մը որուն մէջ հրաւէր ուղղեց վկայելու ''ողորմութիւնը''։

''Դուք չէք կարող միայն խօսքիլ ողորմութեան մասին, այլ վկայելու էք զայն ու զայն բաժնեկցելու էք ուրիշներու հետ'',  ըսաւ Սրբազան Պապը իր ճառին մէջ ապա երիտասարդները զգուշացուց  ''ինքնա-վկայութեան'' փորձութենէն։ Այսօրուայ մշակոյթը եսասէր մշակոյթ մըն է, կեդրոնացած Ես-ի վրայ, մոռնալով ուրիշները, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ  այդ '' անձնագովաբանութիւնը'' տխրութիւն կ յառաջացնէ ու հրաւիրեց չնայիլ հայելիին այլ ուրիշներուն։

''Իսկ եթէ կ՛ուզէք  օր մը  հայելիին նայիլ, ըսաւ Սրբազան Պապը, այս մէկը ըրէք դուք ձեր վրայ ծիծաղելու համար, որովհետեւ մենք մեր վրայ ծիծաղիլը ուրախութիւն կը պատճառէ եւ ինքնահաւանութեան փորձութենէն կ՛ազատէ''։

Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ թմրամոլութեան ու երիտասարդները յուզող այլ հարցերու շուրջ, ընդգծելով թէ թմրեցուցիչի առաջարկած աշխարհը առանց արմատի աշխարհ մըն է որ մեզ արմատախիլ կ՛ընէ ներկայէն ու ապագայէն, ընտանիքէն, սէրէն եւ ամէն ինչէն, ապա մատնանշեց յառաջիկայ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որուն կեդրոնական նիւթը պիտի հանդիսանան երիտասարդներն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները մինչ ճառին աւարտին հրաւիրեց տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութիւն հաստատել, դիտել տալով թէ անոնք կարիքը ունին մէկը միւսը ունկնդրելու ու մէկը միւսին փորձառութենէն սորվելու, տարեցները իմաստութիւն ունին ու երիտասարդները կորով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.