2017-09-04 14:26:00

«Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժեր»-ը ազատագրած են Ռաքքայի հին քաղաքը


ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»-ու (SDF) ջոկատները աւարտած են «իսլամական պետութեան» զինեալներէն Ռաքքայի Հին քաղաքին ազատագրումը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտարարած է ԻՊ-ի դէմ պայքարի համախառն կառավարութեան ԱՄՆ-ի նախագահի ներկայացուցիչ Պրեթ Մըքկըրքը: «Եւս մէկ կարեւոր փուլ. SDF-ը վերջին 48 ժամուան ընթացքին աւարտած է Ռաքքայի Հին քաղաքին ազատագրումը եւ տարհանած հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ»,- գրած է Մըքկըրքը Twitter-ի իր էջին:

Ռաքքան ԻՊ-ի հսկողութեան տակ կը գտնուի 2013-էն ի վեր, քաղաքը կը համարի ահաբեկիչներու ոչ պաշտօնական մայրաքաղաքը: 2016-ին ԱՄՆ-ի գլխաւորած համախառն կառավարութիւնը յայտարարեց քաղաքի ազատագրման գործողութիւնը սկսելուն մասին, արդէն քանի մը ամիս մարտեր կը մղուին Ռաքքայի մատոյցներուն վրայ` զայն շրջափակելու նպատակով:

ԱՄՆ-ի յատուկ նշանակութեան ուժերու եւ օդուժի աջակցութեամբ յարձակումը կ՝իրականացնեն «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»-ը, որոնց միջուկը կը կազմեն սուրիացի քիւրտերու ջոկատները: Սեպտեմբեր 4-ին SDF-ի ներկայացուցիչները յայտարարած են, թէ յոյս ունին ԻՊ-ի զինեալներէն Ռաքքայի ազատագրումը աւարտելու երկու ամսուան ընթացքին։ Այս մասին հաղորդած Է «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն:








All the contents on this site are copyrighted ©.