2017-09-02 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ասդանայի ԷՔՍՓՕ 2017-ի ծիրէն ներս Սուրբ Աթոռի ''Ազգային Օր'' ձեռնարկին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասդանայի ԷՔՍՓՕ 2017  ծրագրին, որ այս տարի նուիրուած է «ապագայի ուժանիւթ» նիւթին, ի շարս աշխարհի այլ երկիրներու, Սուրբ Աթոռը եւս կը մասնակցի ''Ուժանիւթը ընդհանուր բարիքին ի նպաստ։ Հոգատար մեր հասարակաց տան''տաղաւարով, ու վերոնշեալ ծրագրի ծիրէն ներս` 2 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռը կազմակերպած է ''Սուրբ Աթոռի Ազգային Օր'' ձեռնարկը զոր կը նախագահէ այս առթիւ Ասդանա գտնուող` Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Փիթեր Ափփիա Թորքսոն։  

''Սուրբ Աթոռի Ազգային Օր'' ձեռնարկին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամը մը յղեց ձեռնարկի մասնակցողներուն որուն մէջ զանոնք ողջունելէ ետք իր ուրախութիւնը յայտնեց որ այս տարուայ Միջազգային Ցուցահանդէսը որպէս նիւթ ընտրած է ''ապագայի ուժանիւթը'' ընդգծելով թէ շատ կարեւոր է լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ  խորհրդածել թէ ինչպէս յառաջիկայ տարիներուն մարդկութիւնը, նորաձեւ եւ նորարական արհեստագիտութիւններով պիտի օգտագործէ ուժական կենսամիջոցները զոր ընկալած է որպէս համընդհանուր ժառանգութեան պարգեւ։ ''Բոլորս ալ գիտակից ենք թէ այդ օգտագործումի ձեւերէն կախեալ է մոլորակի ապագան ու մեր ընկերութիւններու բարօրութիւնը'', գրած է Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ հրաւիրելով այդ ուժական կենսամիջոցները դնել բոլորին տրամադրութեան տակ եւ զանոնք չի շահագործել միային սեփական շահերու համար։ Այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ թելադրեց անկեղծ երկխօսութիւն` ընկերութեան տարբեր  խաւերու եւ ոլորտներու միջեւ ըլլան անոնք մշակութային, քաղաքական, դաստիարակչական կամ կրօնական։ 

''Ուժական կենսամիջոցներու գործածութեան ձեւը ցուցանիշն է թէ ինչպէս մենք կը կատարենք պարտականութիւնը - զոր զանազան կրօններու աւանդութեան համաձայն - մեզի յանձնուած է Աստուծոյ կողմէ, խնամք տանելու համար կենսոլորտին ու միջավայրին որուն մէջ կ՛ապրինք''  դիտել տուած է հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով այդ ուժանիւթը օգտագործել կայուն ու զօրակից ձեւով, ապա թէ ոչ ''սպառնալիքի տակ կը դնենք նոյնինքն մեր արժանապատուութիւնը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը'', զգուշացուցած է Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ  այս ուղղութեամբ է որ Սուրբ Աթոռը իր տաղաւարը անուանուած է «Ուժանիւթը ընդհանուր բարիքին ի նպաստ։ Հոգատար մեր հասարակաց տան»։.

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  պատգամը եզրափակեց հայցելով Ամենակալ Արարիչ Աստուծմէ որ մեզ օգնէ որպէսզի ԷՔՍՓՕ 2017 միջազգային ցուցահանդէսէն քաղենք ժամանակի ընթացքին տեւող ուսուցումներ եւ ներշնչումներ եւ մեզ օրհնէ զանոնք իրագործելու` մեր միասնական յանձնառումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.